Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/311

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՍԻՐԱՔ ԵՒ ՍԱՄՈՒԷԼ

ԴԱՍ Ա.

ՄԱՐԴ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀ

Ինձ հօրս լուարուք, որդեակք. եւ այնպէս
արարէք, զի ապրեսջիք. Սիբաք. ԳԼ. Գ.

ՈՐԴԵԱԿ իմ Սամուէլ, դպրոցի դասերդ արդէն փոքր ի շատէ աւարտեցիր, հասակդ զարգացաւ եւ այժմ հասեր ես մինչեւ ութն եւ տասն ամ, իբրել հայր պարտական եմ ես, որ աշխարհի ընդհանուր դասերը ես ինքս աւանդեմ քեզ. թէ ի՞նչ է մարդն աշխարհիս վերայ, ի՞նչ է իւր ընկերական կեանք, ի՞նչ է իւր պարտիք եւ իրաւունք, ի՞նչ է իւր առանձին կոչումն, ի՞նչ էր մարդոյն հին կեանք, եւ ի՞նչ է արդի կեանք, զոր քաղաքակրթութիւն կը կոչեն, եւ ի՞նչ են առհասարակ մարդոյն յառաջդիմութեան պայմաններ, ի՞նչ են աշխարհիս վերայ այն բնական եւ պատահական պատճառներ, որով զմարդն երջանիկ եւ ապերջանիկ կ՛առնեն։ Մի խօսքով, աշխարհիս վերայ մարդոյն վարած ընկերական կեանքին մի փոքր նկարագիրը պիտի հանեմ քեզ:

Որդեակ իմ, ընտանեկան կեանքին մէջ ծնար եւ հայրենի տան ու գաւառին մէջ զարգացար, այսուհետեւ կեանքիդ անձո՛ւկ շրջանն ընդարձակելով կը մտնաս աշխարհի լայնածաւալ շրջանին մէջ. քո պարտիքն է աշխարհ եւ մարդիկ ճանչնաք, եւ ինչ որ աչքի եւ մտքի քուսով կը տեսնաս աշխարհիս մէջ՝ առանց դիտելոյ ապշութեամբ չանցնիս, այլ քննես ու հետա¬