Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/313

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներէն, խօսուն լեզուով, բանականութեամբ եւ հանճարով ճոխացած։

Սակայն դու մի՛ այնպէս հասկնար, որ մարդն Աստուծոյ նոյնատիպ, եւ ամենայնիւ հաւասար ճշգրտահան պատկերն է: Քա՛ւ, եթէ այսպէս կարծուի՝ ամբարշտական մեծամտութիւն է, զի մարդն իւր բարերար սկզբնատից Արարչին մի ամենափոքրիկ տիպարն է. նորա կատարեալ եւ անհաս իմաստութեան առաջ մի անգէտ մանուկ է, մի նմոյշ է, որ մշտնջենաւոր լուսէն երկրիս վերայ ձգուած է, եւ յաւիտենական անմահութեան առաջ մի հողակերտ մահկանացու է։ Եւ ի՞նչ համեմատութիւն կայ կաթ մի ջուր Ովկիանոսի ծովուն հետ, եւ կաթ մի շող արեւու համատարած լուսոյն հետ։

Ուստի պէտք է ողջմտութեամբ այսպէս իմանանք, որ մարդն իւր բանականութեան խելքով ու հանճարով խիստ չափաւոր սահմանի մէջ փակուած է, եւ նորա բարերար Արարիչն այնչափ ձիրք ու զօրութիւն շնորհեր է մարդոյն, որչափ կամեցեր է։ Այո՛, մարդն այս աշխարհիս հողագնդին վերայ իբրեւ իշխող տիրապետ կարգուած է իւր Արարչապետէն, տիրել բովանդակ երկրին, իշխել ծովուն ու ցամաքին, անասնոց ու թռչնոց, եւ ինչ որ կան, կը շնչեն ու կը սողան երկրիս վերայ, զորս առ հասարակ մարդոյն հրամանին տակ դրաւ, ինչպէս կը խոստովանի Դաւիթ թէ «Զամենայն ինչ հնազանդ արարեր ի ներքոյ ոտից նորա» եւ այլն... Աստի կիմանանք եւ ինչպէս կիմաստասիրեն եկեղեցւոյ վարդապետք՝ թէ Տէր Աստուած աշխարհիս ամէն բան մարդոյն համար ստեղծեր է, իսկ մարդն՝ Աստուծոյ համար, որ յաւիտեան օրհնէ եւ փառաւորէ իւր Արարիչն, իւր արդար եւ առաքինի կեանքով, որպէս ասէ Յիսուս. «Տեսցեն զգործս ձեր բարիս եւ փառաորեսցեն զՀայր»։ Սակայն կը յաւելում ասել մանաւանդ թէ՝ մարդ մարդուն համար կարգեր է, զի մարդոյն կեանք ընկերական է. մարդն ինքնին առանձին առանձին ոչինչ է, եւ ոչինչ զանազանութիւն չունի Վայրենի կենդանիւներէն, որոց բնակութիւն՝ լեռներու խորշեր եւ անտառներու մէջն է։

Ահաւասիկ այս պատճառաւ կը բարձրանայ մարդոյն կոչումն մեր ընկերական աշխարհին մէջ, եւ ընկերաբար վարելով իւր կեանքը կը յառաջդիմէ, մինչդեռ անասնոց կեանք նոյն կը մնայ առանց երբէք յառաջդիմութեան։ Մարդոյն յառաջդի-