մութիւն՝ իւր ընկերական կեանքէն է. ապա թէ ոչ մարդն եւս վայրենութեան եւ անասնոց կարգին մէջ կը մնար, ոչինչ շնորհ չէր իւր լեզուին եւ խօսակցութեան առաւելութիւն, երբ նորա միտքն ու հոգին վայրենութեամբ թանձրացած լինէր։ Մարդոյն ընկերական կեանքէն յառաջ եկաւ աշխարհաշինութիւն. մարդիկ աշխարհիս վերայ տիրապէս տիրեցին եւ տիրապէս կատարեցաւ Աստուծոյ հրամանն։
Դաւիթ կասէ, թէ Տէր Աստուած տիեզերքի ժառանգութիւն բաժնեց. Երկինքն՝ իւր բաժին առաւ, եւ Երկիրը՝ մարդոց որդիներուն ժառանգութիւն տուաւ. եւ բովանդակ աշխարհ իբրեւ մի դրախտ զարդարելով՝ յանձնեց մարդոյն, որպէս զի գործէ ու պահէ զայն։ Ցոյց կուտայ Տէր Աստուած թէ՝ մարդն աշխարհիս ագարակին մէջ մի գործաւոր մշակ է, պէտք է անդադար աշխատի արդիւնաւորել զայն, եւ որչափ ժրագործ լինի՝ զաշխարհ մշակութեամբ, շինութեամբ, գործունէութեամբ արդիւնաւորել, այնչափ աւելի կը վայելէ եւ կը բարգաւաճի իւր կեանք։
Այլ դու մի՛ այնպէս ըմբռներ, որդեակ իմ, որ ամենահարուստ մեծատունն Աստուած, աշխարհս իւր հարստութեամբ մարդոյն տուաւ իբր եւ սոսկ նիւթական կեանք, որ նա աշխատի, վաստակէ, ուտէ եւ վայելէ միայն երկրին բարիքը։
Եթէ այսպէս լինէր՝ ոչինչ գերազանցութիւն եւ առաւելութեան շնորհ չէր ունենար մարդն, երբ նա սոսկ նիւթական կեանքով ապրէր ինչպէս կապրին անասունք։
Գիտենք, մարդ աշխարհիս հետ եւ նիւթական կեանքին հետ կապուած է, բայց իւր մեծ կոչումն կը պահանջէ, որ նիւթականին հետ կապէ բարոյական կեանք. եւ այդ է միայն, որ կը բարձրացնէ մարդոյն պատիւ եւ արժանաւորութիւնն. ապա թէ ոչ՝ մարդ կը նուաստանայ ու կը հաւասարի անասնոց։
Ուստի աշխարհիս վերայ մարդոյն կոչումն, պատիւ, փառք, արժանաւորութիւն՝ իւր դործքերու կշիռն է. նա ինչ վիճակի մէջ կը լինի թող լինի. նորա նուիրական պարտիքն է ճանչնալ իւր կոչումն, ճանչնալ մարդկութեան վայելուչ կեանք, ճանչնալ նաեւ թէ ինքն այս աշխարհիս վերայ դիպուածով եւ ունայնաբար չէ եկեր. այլ մեծամեծ պարտիքներ կատարելու համար ծներ է, քանի որ կեանք ունի՝ պէտք է գործէ. վասն զի մահն ու գերեզման գիշեր կը բերեն, յորում այլ եւս մարդ կարող չէ գործել: