Այս աշխարհ մարդոց առաքինութեան ասպարեզն է, ով որ ընթանալ գիտէ՝ նա միայն մրցանակ կառնու։
Կարդա՛ Սուրբ գիրք, կարդա՛ Հայոց աշխարհի պատմութիւն եւ տես թէ առաքինի ոգիներ ի՞նչպէս ընթացան։ Նոյ իբրեւ այր կատարեալ՝ արդարութեամբ ընթացաւ՝ մրցանակն առեց. Աբրահամ հաւատով ընթացաւ մրցանակն առեց. Յովսէփ ողջախոհութեամբ ընթացաւ՝ մրցանակն առեց. Մովսէս Աստուծոյ ժողովուրդին իբրեւ առաջնորդ ընթացաւ մրցանակն առեց. Յովբ համբերութեամբ ընթացաւ մրցանակն առեց. Յեսու յաղթութեամբ ընթացաւ մրցանակն առեց. Սամուէլ հնազանդութեամբ ընթացաւ մրցանակն առեց. Դաւիթ ապաշխարելով ընթացաւ թողութեան մրցանակն ընդունեց։ Յիսուս Դաւթի որդին խաչակըրութեամբ ընթացաւ առեց այն մրցանակն եւ անունն, որ ի վեր է քան զամենայն անուն։ Առաքեալք նոյն խաչակրութեամբ ընթացան՝ մրցանակն առին. Հայրապետք եկեղեցին բարեզարդելով ընթացան՝ մրցանակն առին՝ Վարդապետը ուսուցանելով ընթացան՝ մրցանակն առին. Սուրբ Գրիգոր, իւր Որդիք եւ Թոռունք Հայոց աշխարհի համար ընթացան՝ մրցանակն առին. Սուրբն Սահակ ու Մեսրովբ, աշակերտելով հանդերձ գրելով թարգմանելով ընթացան՝ մրցանակն առին. քաջն Վարդան իւր ուխտադիր խմբով խաչով ընթացան՝ մրցանակն առին. եւ այլ ո՞ր մէկ համրեմ քեզ Հայոց աշխարհէն, որք առաքինական վաստակով ընթացան՝ մրցանակն առին։
Թողունք անցեալ աշխարհի առաքինեաց դասն, թողունք եկեղեցւոյ սուրբ նահատակներ, որ արիւնով ընթացան. ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ մտնենք։ Ո՛վ կարող է համար բերել այն աշխատաւոր առաքինեաց թիւր, որք զօրհանապազ կը տքնին եւ կընթանան աշխարհիս ասպարէզին վերայ, հանճարով, գիւտերով, արուեստով, աշխարհաշինութեամբ, մեծագործութեամբ եւ այլ բազմադիմի շահաւէտ եւ արդիւնաւոր վաստակներով ճոխացուցին լիացուցին մարդոյն ընկերական կեանք, չեմ յիշեր գրիչներ եւ մամուլի անխոնջ թելերը, որ զտիւ եւ գիշեր լոյս տարածելով կը լուսաւորեն մարդոյն մտաւորական աշխարհ։
Արդ կաւարտեմ այս դասը, եւ ուխտիւ կաւանդեմ քեզ. ծանի՛ր, թէ ի՞նչ է քո կոչումն աշխարհիս վերայ, եւ համեմատ ընթացիր քո կոչմանդ, որ հասնիս նպատակին եւ մրցանակն