Յիսուս այս յաւիտենական հիման վերայ հաստատելով իւր շնորհական օրինաց բարձրագոյն շէնքը՝ ասաց. Մարդիկ, սիրեցէք միայն, եւ բաւ է։ Մովսէս ի օրինաց ծրագիրը թերի էր, Յիսուս լրացուց զայն։ Եւ գիտե՞ս թէ ի՞նչ զանազանութիւն կայ Մովսէսին եւ Յիսուսին մէջ. միոյն օրինաց գրքէն մահ կը հոտէր, իսկ միւսոյն՝ Աւետարան եւ կեանք. միոյն մէջ միշտ պատմական փոխարինութիւն կար, իսկ միւսոյն միշտ շնորհք եւ ներողութիւն եւ որչափ, գիտե՞ս, մինչեւ եօթանասնիցս եօթն, այսինքն անկէտ եւ անսահման: Մովսէս սուրն յազդերէն կախած իսկոյն յանցաւորին վճիռ կը հատանէր. Յիսուս Պետրոսին ասաց, սուրդ ի պատեան դիր, զի ես կեանք տալու համար եկայ: Ծունր դիր, որդեակ իմ, Յիսուսի ներող մարդասիրութեան առաջ. պարանոցդ ծռէ եւ ա՛ռ նորա քաղցր լուծը եւ փոքրոգի բեռն։ Ծանիր, որ Աւետարանի բարոյական օրէնք մեր աշխարհի վայրենի վիճակը յեղաշրջեց. մարդոյն ստրկական վիճակը բարձրացոյց, գերութեան շղթաներ խորտակեց եւ ասաց. «Այսուհետեւ ազատ էք ի Քրիստոս Յիսուս»։ Եթէ այսօր գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւն՝ Աւետարանի ազատութեան շնորհն է. այսպէս կը խոստովանին աշխարհիս բոլոր ողջամիտ իմաստասէրները։
Ծունր դիր նաեւ քո մեծագոյն Արարչին առաջ, որ իւր ձեռակերտն տիեզերք այսպէս բնական ու յաւիտենական օրէնքով կը կառավարէ։ Եւ դու մինչ կենդանի ես աշխարհիս վերայ, կոյր թերահաւատ մի լինիր, ինչպէս աշխարհիս անզգամներ եւ անմիտներ։ Այլ Դաւթի նման հիանալով գոչէ «Ո՛րպէս զի մեծ են գործք քո, Տէր, եւ այլն»։ Եթէ հասնի քեզ, որ Նեւտոնի չափ ներհուն լինիս, ու քննես տիեզերաց օրէնքին բնական կարգն ու շարժումն, այնչափ առաւել զարմացիր եւ օրհնէ քո զարմանագործ Արարիչը։ Եթէ ռամիկն սոսկ աչքով կը դիտէ տիեզերքը, կը հաւատայ առանց գրի ու գիտութեան, յամենայն ժամ փառք կուտայ եւ լիաբերան կօրհնէ իւր ստեղծող. քո պարտիքն այլ եւս կը մեծնան ու կ՝առաւելուն, երբ տիեզերաց օրէնքներ քննելով նորա գերագոյն Արարչապետ գիտութեամբ ճանչնալ կուզես. ծանիր ուրեմն, որդեակ իմ, որ հեթանոս իմաստասիրաք նման սոսկ աստուածագէտ չը լինիս առանց արժանապէս պաշտելոյ զայն։