ԴԱՍ Գ.
ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿԵԱՆՔ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈԻԹԵԱՆ
ՄԱՐԴԻԿ հաւասար կը ծնին, հաւասար կապրին եւ հաւասար կը մեռնին։
Անհաւասարութիւն չէ թէ միայն մարդկային ընկերութեան մէջ, այլ եւ ընդհանուր տիեզերքին մէջ կերեւի։ Աչքդ բաց ու տես, որդեակ իմ, որ ամէն բան զանազան ու աննման կը տեսնաս, թէ երկնից երես, թէ երկրիս վերայ, թէ բովանդակ աշխարհիս բնական արարածոց մէջ եւ թէ մարդոյն նիւթական եւ բարոյական կեանքին մէջ։ Մարդ պէտք է ափշի, հիանայ եւ օրհնէ իւր մեծագործ Արարիչը, որ ամէն բան զանազան եւ աննման յօրիներ է եւ կը չօրինէ։ Սորա մէջ կերեւի արարչին անհուն զօրութիւն, անհուն իմաստութիւն եւ անհուն հանճար, որ ստեղծեաւ իրար թէ արտաքին ձեւն ու պատկեր եւ թէ ներքին բնական զօրութիւններ, ամենայն ինչ, իրարու աննման, զանազան ու անհաւասար են, եւ այս անհաւասարութեան մէջ ամենայն ինչ չափով ու կշռով համեմատ կարգադրելով՝ անհաս եւ անհաւասարն Աստուած կը չօրինէ եւ կը վարէ տիեզերք:
Աչերդ յառէ, որդեա՜կ իմ, դէպ երկնից կամարը, ամենարուեստ Արարչին զարմանագործ ձեռաց հրաշակերտ գործեր տես, համայն աստղեր մեծութեամբ, լուսով, դրիւք եւ շարժումով զանազան են, արեւն եւ լուսին՝ զանազան են. չգիտենք ու չենք զօրեր տեսնալ թէ այլեւս ո՞րչափ անզանազան էակներ կան երկնաշխարհին մէջ։ Դարձիր դէպի մեր երկրագունդը՝ նոյնպէս ամենայն ինչ զանազան եւ անհաւասար կը տեսնաս։ Ցամաքն անհաւասար, լեռներն անհաւասար, դաշտերն անհաւասար, աղբիւրներ» վտակներ, գետերն առհասարակ անհաւասար, ծաղիկներն անհաւասար, ծառերն անհաւասար, գոյներով, ձեւերով, համով, հոտով եւ ներքին զօրութեամբ, բնաւին անհաւասար։ Սոյնպէս բոլոր կենդանեաց սեռն նոյն անհաւասար օ-