Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/324

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մուսնոյ հետ, ազգական՝ ազգականի հետ, բարեկամ՝ բարեկամի հետ կապեր է, եւ բոլոր անհատական մարդիկ այդ անլոյծ կապով միացնելով՝ մեր ընկերական տարերք կազմեր է։

Եթէ ասես, արդեօք եւս բարի ու լաւագոյն չէ՞ր լիներ, որ այդ անհաւասարութիւն բնաւ չը լիներ. թէ մեր կեանքի պիտոյք, թէ մարդոյն նիւթական եւ բարոյական զօրութիւններ, այսինքն հաւասար ծնելով՝ հաւասար ապրէինք. աշխատութիւն հաւասար, հացն ու սեղան հաւասար, մեծն ու փոքր հաւասար, մարդիկ առ հասարակ եւ ամենայն ինչ հաւասար։

Այո՛, որդեակ իմ, շատ անգամ քեզ նման կը դատեն միամիտ, բարեսիրտ եւ գորովահոգի մարդիկ, կարեկցելով մեր ընկերական թշուառութեանց վերայ, որ մեծ մասամբ ապերջանիկ կեանք կը վարեն աշխարհիս երեսը. չարչարուած, աշխատութեան մէջ մաշուած, ստրկացած ու կորացած են երկաթէ լծերուն տակ, աղքատութեան ու կարօտութեան մէջ։

Այդ քո դատաստանը՝ մեղադրանք մի է, զոր մարդիկ մինչեւ երկնից նախախնամութեան դէմ կը հանեն, տրտնջալով, որ աշխարհիս կեանքը անհաւասարութեան մէջ գրեր է, մին երջանիկ կը լինի եւ մին ուրիշ թշուառութեամբ կապրի։ Մին գլուխ կը լինի եւ միւսն ոտք, մին կը տիրէ եւ միւսն կընկճի, մին ցյագ կուտէ եւ միւսն սովամահ կը կորնչի եւն։

Խօսեմ քեզ, որդեա՜կ, որ դատաստանիդ մէջ ուղղախոհ լինիս։ Նախախնամող կարգադրիչ իմ աստութիւնը կամեցեր է, որ այդ անհաւասարութեան կապով մարդկային ընկերութիւն կանգուն եւ կենդանի մնայ. եթէ մեր ընկերական կեանքը ամենայնիւ մի օրինակ հաւասար լինէր, այլ եւս ընկերական միութիւն չէր մնար աշխարհիս վերայ, բոլոր յարակցութեան կապերը կը քանդուէին. եւ պէտք էր յայնժամ մարդիկ ապրէին այնպէս՝ ինչպէս կապրին անասուններ։

Եթէ մեր ընկերական կեանք հաւասար լինէր, եւ մարդիկ երբէք իրարու ձեռնտուութեան չի կարօտէին, այնուհետեւ մարդոց մէջէն կը բարձուէր բովանդակ արդարութիւն, կեղծանէին առհասարակ պարտք եւ իրաւունք, կեղծանէին մարդոյն մէջ յառաջդիմութեան ոգին եւ մրցումն, աշխատութիւն կը դադրէր եւ հանճարը մարդոց ուղեղին մէջ թմրած անշարժ կը մնար: Ազատ մարդ հարկի տակ պիտի ապրէր առ անց բանաւորութեան։ Այնուհետեւ մարդոյն կեանքը խորհրդով, հանճարով ու