տարածեր են աշխարհիս վերայ, այնուհետեւ իշխանութեան աստիճանն եւս աճելով եւ մեծնալով՝ հասեր է մինչել աշխարհակալութեան ծայրագոյն դիրք. որոց հզօր գաւազանին տակ փոքրիկ իշխանութիւններ կամ իսպառ ջնջուեր են, եւ կամ նուաճելով հպատակեր են։
Ուստի քաջայայտ կերեւի, որ իշխանութեան առաջին շաւիղ ընտանեկան արմատէն բուսեր է փոքր ինչ մեծնալով ընտանիքէն ելեր բոլոր ցեղին վերայ տարածեր է թեւերը, աւելի եւս մեծնալով այլ եւ այլ ցեղեր իւր իշխանութեան տակ հնազանդութեան բերելով՝ տիրեր է շատ քաղաքներու եւ գաւառներու վերայ։ Հուսկ յետոյ կարի զորանալով, ու բարձրանալով կամ թագ կապելով՝ թագաւոր եղեր է եւ կամ այլ եւայլ իշխանութեան առանձին գաւազաններն իւր միահեծան գաւազանին տակ նուաճելով՝ իբրեւ Կեսար, կայսրութեան բարձր տիտղոս ստացեր է։
Եւ այսպէս աստիճան առ աստիճան բարձրանալով՝ իշխանութիւնն իւր գագաթնածայր հասեր է։ Բայց իշխանասիրութեան ոգին երբէք իւր ծայր եւ սահման չունի։ Քանի այս աշխարհ կայ՝ իշխանութեան գաւազաններ պիտի մրցին իրարու հետ. եւ ով գիտէ, գուցէ ապագային մէջ բովանդակ երկրագունդը մի գաւազանի տակ ընկճուի. եւ միթէ այս բանն՝ աշխարհիս պատմութիւն եւ փորձ շատ օրինակներով ցոյց կուտայ, որ իշխանութեան կեանքն եւս իւր ծերութիւն եւ վախճանն ունի, եւ եթէ Նաբուգոդոնոսորի ծառին չափ բարձրանալով իւր գաւազանին շառաւիղներ տարածէ բովանդակ աշխարհին վերայ. ի վերջոյ յերկիր կործանելով կը տապալի ինչպէս Մակեդոնականն, Հռովմայ, Բաբիլոնի եւ Ասորեստանի իշխանութիւններ, որպէսզի ճանչնայ եւ խոնարհի մարդոյն մեծամտութիւն. թէ՝ Բարձրելոյն մշտնջենաւոր զօրութիւնը կը տիրէ, եւ ժամանակի ահեղ տապարով պիտի կտրէ ու կործանէ այն ամէն իշխանութեան ծառերը, որ երկնից զօրութեան դէմ կը բարձրանան եւ կը ջախջախեն ժողովուրդին կեանք եւ զօրութիւն։
Եթէ մտաբերես, որդեակ իմ, ինչպէս մտաբերելով կը ցանկան ծայրայեղ ազատամիտներ. թէ արդեօք աւելի լաւ եւս չէր լիներ, եթէ մարդկային ընկերութիւն ազատ անիշխան ապրէր, եւ իշխանութեան ծանրակիր լուծ չը կրէր իւր պարանոցին վերայ. մարդն ինքնիշխան ինքնարվար լիներ, եւ չը պարտէր եր-