Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/331

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րէք տուրք, հարկ, զինուոր, եւ այլ բազմապատիկ օրինական եւ ապօրինի բռնի պահանջներ վճարել։

Լո՜ւր, որդեակ իմ, ես պատասխան տամ քեզ, ամենայն խելամտութեամբ ուշ դիր։ Մարդկային ընկերութիւն բնաւ կարելի չէ որ առանք իշխանութեան, առանց օրինաց, առանց դատաստանի եւ հատուցման այս աշխարհիս վերայ ապրի եւ խաղաղ կեանք վարէ, ինչպէս երկնից թռչուններ եւ լեռներու ազատ էրէվայրիներ, եւ այլն։ Չէ թէ աշխարհիս այլ եւ այլ ազգեր, այլ նոյն իսկ մի ազգ եւ մի համազգի ընտանիք առանց հայրական իշխանութեան հնար չէ կառավարել։ Կը տեսնամք եղբայր եղբօր դէմ սուր կը հանէ, եւ համարիւնն՝ իւր համարիւն հարազատին արիւն կը թափէ, եւ մերթ եւս ստահակ որդիքներ հօր դէմ կապստամբին, ո՞ւր կը մնայ անընտանի օտարն օտարին հետ խաղաղութեամբ ապրի ու վարի։

Կան մարդիկ, որ կը մտածեն, թէ իշխանութիւնը հին աշխարհի վայրենի ընկերութեան համար պէտք էր, բայց արդ երբ գիտութեան լոյս եւ քաղաքակրթութեան դարը մարդոց հին կեանք փոխեց, վայրենական բիրտ ոգին զգօնացոյց, մարդ ճանչցաւ իւր պարտիք եւ իրաւունքը, ճանչցաւ իւր ընկերին հաւասարակշիռ իրաւունք. Աւետարանին հաւատալով ճանչցաւ նաեւ Յիսուսին աւանդած մարդկութեան ընդհանուր խղճին օրէնքը, «Զամենայն զոր ինչ կամիցիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»: Այլ եւս զի՞ պիտոյ է իշխանութեան նուաճող գաւազան, կամ սպառնացող սաստն ու սուր. օրէնք եւ իշխանութիւն խաժամուժ ամբոխին համար է, որ ոչ գիր գիտէ եւ ոչ օրէնք։

Երանի՜ թէ քաղաքակրթութիւն զմարդն այդ ծայրագոյն կատարելութեան տանէր, սուրն եւ իշխանութիւն բարձուէր աշխարհէս։ Բայց դու մի՜ հաւանիր, որդեակ իմ, այդ կարծիք ազատասէր մարդոյն երեւակայութեան երազն է։ Շողունք ասիական ազգեր, ուր քաղաքակրթութիւն դեռ չէ ծներ, եւ թէ ծներ՝ տակաւին մանուկ է։ Էրթանք Եւրոպա, ուր քաղաքակրթութիւն ծներ եւ զարդաբեր է, եւ եթէ այդ եւս բաւական չես համարիր, անցնինք Օվկիանոս, երթանք Ամերիկա, ուր կը կարծուի թէ ազատ քաղաքակրթութիւնն իւր արբուն հասակն առեր է։ Ուր ժողովուրդ առանց թագի, առանց կայսերական հզօր