այնպէս համարենք, որ այդ աշխարհէն բարձուի նախագահն, վերնան բոլոր օրէնքներ, սուրն ու թնդանօթ ժողովուին դարբնոցին մէջ. միայն երկրագործին համար խոփ ու մանգաղ շինուին. ձէ ընդհանուր Ամերիկայի կիսաշխարհին մէջ հրատարակուի այսպէս թէ, Այսուհետեւ իշխանութիւն եւ օրէնք բարձուած է, դատաստան հատուցումն չիկայ այլ եւս. իւրաքանչիւր մարդ թող իւր ազատակամ իշխանութեամբ վարի, մարդն ինչ որ կարէ գործել ազատ է, իւր համար հսկող ոստիկան, ատեան եւ հարցափորձ չիկայ», եւ այլն։
Դու կը տեսնաս յայնժամ, թէ ինչ կը լինի սորա հետեւանքն. այդ քաղաքակիրթ աշխարհն Ամերիկա, այդ հասարակապետական օրինասէր ժողովուրդն մի վայրկենի մէջ վայրենի կը դառնայ, խուժանն եւ քաղաքակիրթն միանգամայն ի զէն կը դիմեն, ընկերութեան հրապարակն արեան ծով կը լինի. հարուստներն առ հասարակ կը կողոպտուին, խաղաղութիւն տեղի կուտայ, խռովութիւն կը յուղի ինչպէս Ովկիանու ալիքներ. ով որ բուռն է՝ կը տիրէ, ով որ տկար է՝ կը նուաճի բռնութեան տակ վերջապէս ընկերութեան բոլոր շէնքեր կը քանդուին, կապեր կը կտրուին, մարդիկ կռուով ու սրով կը սպառեն զիրար մինչեւ յետին ճետն ու սերունդ։
Եթէ քաղցած առիւծ հանես իւր վանդակէն եւ արձակ թողաս ժողովուրդին հրապարակ, ինչ կը լինի եւ ի՞նչ կը գործէ, այդ յայտնի է, իւր ժանիքներով ամէն բան կը ծախէ. այսպէս նաեւ մարդկային ընկերութիւն, թող քաղաքակիրթ լինի նա, եթէ զայն ի դուրս հանես իշխանութեան եւ օրինաց շրջափակ վանդակէն եւ ազատ թողուս, նոյն կը գործէ մարդն ինչ որ կը գործէ վայրենի առիւծն, թերեւս հնար լինի ողոքել զառիւծն երբ յագենայ, բայց մարդոյն կատաղութեան երբէք յագուրդ չիկայ։
Համոզուեցա՞ր այժմ, ազնիւ որդեակ իմ, որ աշխարհս առանց իշխանութեան չի կառավարուիր։ Միթէ հաւատալ կարելի՞ է։ Որ տիեզերք առանց Աստուծոյ եւ յաւիտենական օրինաց կառավարուի, նաւն առանց նաւապետի եւ ղեկավարի ուղղուի, եւ կամ ամեհի ձին՝ առանց սանձահարի։ Ո՞վ չի գիտեր թէ մարդն քան զձին ամեհի է. միայն իշխանութեան եւ օրինաց սանձն է որ կը վարէ զայն, ապա թէ ոչ՝ նա սանձակոտոր լի-