Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/333

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գամ ցոյց տուած է Ֆրանսիոյ այն մեծ ազգ որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ զինքն իբրեւ փայլուն աստղ մի կը կարծէ, եւ երբ անիշխանութիւն կը տիրէր՝ այդ կրթեալ եւ ուսեալ ժողովուրդը, խուժան կը դառնար եւ ամէն բան կը տապալէր, թէեւ այն բան՝ իւր հայրենեաց փառք ու պարծանք լինէր։ Ես այնպէս կը դատեմ, որ քաղաքակրթութիւնը մարդոյն վայրենութեան բարքը կեղեւով մի պատեր է արտաքուստ. եթէ վերցնես իւր գլխէն իշխանին սուր եւ օրէնք՝ նա իսկոյն իւր բուռն կրից ժանիքներով կը պատառէ այդ կեղեւը եւ հին վայրենութիւն դուրս կը հանէ։ Ուրեմն իշխանութիւն եւ օրէնք վերին տեսչութեան յաւիտենական կարգադրութիւնն է, որպէս զի մարդիկ երկիւղածութեամբ եւ բանավարութեամբ ապրիէն ընկերական կեանքին մէջ։

Արդ սկսիմ համառօտել թէ՝ իշխանութիւն եւ ժողովուրդ ինչ պարտիք եւ իրաւունքներ ունին իրարու հետ, զորս կը չափէ արդարութիւն, որ միշտ հաւասարակշիռ լինին եւ երկուստեք պարտքեր վճարուին եւ իրաւունքներ պահանջուին։

Իշխանութեան առաջին պարտիքն է ճանչնալ եւ հաւատալ. թէ իշխանութիւն աստուածպետական զօրութենէն իբրեւ աւանդ տրուած է, ինչպէս Հոգին կը խօսի Սողոմոնի բերնով. «Ի տեառնէ տուաւ ձեզ հարստութիւնդ եւ իշխանոլթիւնդ ի Բարձրելոյն. որ պահանջեսցէ զգործս ձեր եւ քննեսցէ զխորհուրդս»։ Իշխանութիւն իւր հաշիւն ու համար միայն Աստուծոյ չի տար, այլ եւ ժողովուրդին, երբ ինքն սահմանադրապես ընտրուած է։ Իշխանութեան՝ մեծ ու նուիրական պարտիքն է, արդարութիւն սիրել եւ օրինաց իրաւացի վճիռը արդարութեամբ ի գործ դնել. առ այս կը յորդորէ Սողոմոն, որ դատաւոր եւ թագաւոր էր Աստուծոյ ժողովուրդին։ «Սիրեցէ՛ք զարդարութիւն, որք դատէք զերկիր՛ք Իշխանութեան պարտիքն է, երկրին խաղաղութեան համար հսկել, հանապազ հոգալ ժողովոլրդի բարօրութեան, բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան համար, ուղղապէս խորհելով, որ իշխանութեան աթոռը՝ ժողովուրդի պատուանդանին վերայ հաստատուած է, եւ երբ ժողովուրդ կործանի՝ անշուշտ իշխանութիւնն եւս կանգուն չի մնար։ Իշխանութեան իրաւունքն է չափով եւ արդարութեամբ ժողովուրդէն հարկեր պահանջել. բայց երբէք դատաստան եւ իրաւունք չէ, որ ծանր ծանր բեռներով Ժողովուրդին թիկունք մինչեւ ի գետին կորացուցանէ։ Եթէ այս-