Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/334

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պէս ջլատէ ժողովուրդին ուժն եւ ոգին, ինքն եւս իւր զօրութենէն կը թափի, զի ով չի գիտեր թէ ժողովուրդն իբրեւ գործող անդամ կը համարուի կառավարութեան. երբ անդամներ ուժաթափին՝ գլուխն եւս նորա հետ կուժաթափի, այնուհետեւ կը կորուսանէ իւր խորհուրդ, կը հիւանդանայ առաջնորդող գլխոյն առողջ ուղեղն եւ յայնժամ ժողովուրդին եւ իշխանութեան զօրութիւն միապէս կսպառին եւ երկրին վերայ կը հասնի եւ կը տիրէ աղետաբեր վիճակ։

Իշխանութիւն՝ երկրին եւ ժողովուրդին երաշխաւորող հաւատարիմ աւանդապահն է, այնպէս պէտք է պահել այդ սուրբ աւանդը, որպէս թէ իւր կեանքն է, իւր փառքն է եւ իւր կենդանատու հոգին եւ զօրութիւնն է։

Իշխանութեան զօրութիւն եւ հաստատութիւն՝ արդար եւ հաւասար օրէնքն է։ Ուստի իւր ամենամեծ պարտիքն է, որ երկրին օրէնք անաչառ ճշդութեամբ հաւասարապէս գործադրէ տկարին եւ զօրաւորին վերայ, իշխանին եւ ժողովուրդին վերայ չը թողուլ, որ զօրաւորներ հեստեն օրէնքին դէմը, եւ նոքա, որ կարդեալ են օրէնք պաշտպանելու նոքա զեղծանին օրինաց մէջ եւ առ ոչինչ համարին զայն:

Իշխանոլթիւն իբրեւ օրինաց վրէժխնդիր ու նախանձաւոր, իւր պարտիքն է. երկրին, ժողովուրդին եւ առաւել վարիչ պաշտօնեաներու մէջէն օրինաք զեղծումներն առ հասարակ բառնալ, ապա թէ ոչ, զեղծումներ յաճախելով՝ ի վերջոյ իշխանութիւնը կը բառնան, եւ կը մատնեն զայն օտարին ձեռք, վասն զի ներքին զեղծումներն զհայրենիք աւելի կը դաւաճանեն քան թէ օտար թշնամիք։

Իշխանութիւն պէտք է առաքինութեան պաշտպան հանդիսանայ եւ մոլութիւն սանձահարէ, իւր մեծ, նուիրական պարտիքն է՝ չը թողուլ երբէք, որ ժողովուրդին կեանք եւ բարք ապականող զեղծումներ տարածեն երկրի մէջ, իբրեւ տարափոխիկ հիւանդութիւն, որ ի վերջոյ մահ եւ կորուստ կսպառնան ընդհանուր իշխանութեան երկրին։ Միայն կրօնի պաշտօնէից քարոզն ու խրատ բաւական չէ հեստող ժողովուրդին կամք նուաճել, այլ պէտք է նաեւ իշխանութեան սաստն եւ սուր, որ ձեռնհաս կը լինի զեղծումներ քաղաքային օրէնքով բառնալ։

Իշխանութեան պարտիքն է մեծ իմաստութեամբ տնտեսել երկիրը. չթողուլ որ իւր հարստութեան գետերը երթան թափին