Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/335

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

օտար ծովերու մէջ, ի վերջոյ երկրին ջուրը ցամքի, դառնայ ծարաւ մի անապատ, երկրին հարստութեան գետեր երկրին մէջ պահելու համար՝ պէտք է զայն շրջապատել օրէնքով եւ այն միջոցներով, զոր քաղաքային տնտեսութիւն կուսուցանէ։

Եթէ իշխանութեան զօրութիւն կը յաւելու երկրին հարստութիւնք եւ բարգաւաճանք, ուրեմն իւր ձեռնհասութեան պարտիքն է ժողովուրդին առաջը յորդել յառաջդիմութեան ճանապարհ. բառնալ ամէն խոչ եւ խութեր, յորմէ ժողովուրդ խուսափելով կանգ կառնու շահավաճառութեան առաջ. նաւարկութիւն բանալ, լեռներ եւ ձորեր հարթել, արուեստ եւ արուեստագէտները քաջալերել, երկրագործ ժողովուրդին ազատութիւն եւ ապահովութիւն տալ, որ երկիրը մշակելով արդիւնաւորէ։ Քանի որ շահավաճառութեան մէջ իւր երկրի բերքն ուրիշ երկիրներէ ընդունուած բերքերուն հետ հաւասարակշռութիւն չունի, պէտք է օրէնքով հաստատել եւ զսպել ժողովոլրդին վայելչասիրութեան ցանկութիւնը, որ իւր երկրի բերքերով շատանայ, սակաւապէտ կեանքի մէջ վարժելով զայն. թէեւ ընդհանուր վաճառականութեան օրէնք ազատ է, բայց իւրաքանչիւր իշխանութեան ազատ իրաւունքն է իւր երկրին շահը առաւել պաշտպանել։

Իշխանութեան սրբազան պարտիքն է միշտ խաղաղութիւն սիրել, խաղաղութեամբ կառավարել, եւ ամէն հնարաւոր միջոցներ ի գործ դնելով պատերազմ չը յարուցանել ոչ ուրիշ իշխանութեան դէմ, եւ ոչ պատճառ տալով ուրիշ իշխանութեան մը՝ իւր դէմը։ Բայց երբ դաշնակցութիւն կեղծուի, ուրիշ իշխանութիւն մի կը բռնանայ իւր վերայ եւ երկրին շահը կը վտանգի, յայնժամ իւր պարտիք եւ իրաւունքն է պատերազմ հրատարակել, որ թշնամին չոտնահարէ երկրին ազատութիւն եւ իրաւունքը։ Միայն թէ պատերազմող իշխանութիւնն՝ աստ պէտք է յիշէ Քրիստոսի առակը, որ նախատեսութիւն կուսուցանէ. նախ պէտք է հաշուէ իւր ծախսեր, եւ իւր զօրութիւնը՝ թշնամւոյն զօրութեան հետ կշիռ դնելով՝ հասու լինի թէ կարո՞ղ է տասնհազարով պատերազմ տալ նորա դէմը, որ քսան հազարաւ կուգայ իւր վերայ։ Ապա թէ ոչ, մեծ խոհեմութիւն է հրեշտակութիւն առաքել եւ հաշտութիւն խօսիլ։ Վասն զի շատ բարի է եւ երկրին շահ, թէ մեծ եւ թէ փոքր զոհողութեամբ խաղաղութիւն հաստատել քան թէ պատերազմով երկրաւեր լինել. թող այն, որ երկրին գանձ կսպառի, այլ եւ արիւնով եւ