Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/34

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բարեկեցութիւն եւ թշուառութիւն ունի, առաքինութիւն եւ մոլութիւն ունի, շատ եւ բազմակերպ բարի եւ չար կողմեր ունին, վասն զի մեր կեանքը՝ մի խառնուրդ է, չար ու բարին ի միասին կապրին, ինչպէս ցորեն եւ որոմն ի միասին կը բուսնին եւ կաճին։

Մեզ այնպէս կերեւի, որ քաղաքացիք շատ երջանիկ եւ բարեկեցիկ կեանք ունին, զորօրինակ կը տեսնամք Վան քաղաք, որ մեզ շատ մօտ է, վայելուչ բարձրաշէն տուները, լայնածիր փողոցներ, ուռի ծառեր տնկուած շարան շարան ջուրերուն եղերքը, որք կարկաչելով կը վազեն շատ փողոցներէն, կը մտնանք տուներու մէջ՝ կը տեսնամք գեղեցիկ նախշուն նախշուն օդաներ, վայելուչ կահ կարասիքներով զարդարուած։ Քաղաքացւոց սեղան շատ ճոխ է՝ անոյշ եւ համադամ կերակուրներով, զոր կը պատրաստեն նահապետական ընտանիք։

Հապա Թոռնիկ, որչա՞փ մեր աչքին սիրուն եւ նազելի կերեւան պէս պէս վայելչաձեւ հագուստներ, որ շատ թանկագին են՝ թէ արանց եւ թէ կանանց, չը մոռնանք այն շար ի շար ոսկի մանեակներ, զորս կիներ եւ աղջիկներ կը կախեն իրենց պարանոցէն։ Թողլով այս մարմնական վայելք եւ հաճոյք, քաղաքացիք ունին նաեւ հոգեւորական եւ բարոյական վայելքներ, նոցա եկեղեցիք եւ եկեղեցւոյ հանդերձանքներ շատ շքեղ եւ փառաւոր են, տօնական հանդէսներ, քաղցրաձայն դպիրներ, հանդիսաւոր թափորներ եւ պատարագներ եւ քան զամէն առաւել բարեկարգ քարոզիչ վարդապետք, որք եկեղեցւոյ փառք են եւ ժողովրդին մխիթարութիւն։

Քաղաքացիք կրօնական եւ հոգեւոր մխիթարութենէն ի զատ, ունին նաեւ մեծ մխիթարութիւն մի՝ այն է դպրոց եւ կրթարան. ուր կարդալ գրել կր սորվին իրենց մանուկներ եւ աղջիկներ, սորա համար քաղաքացիք շատ մեծ առաւելութիւն ունեն մեզմէ, վասն զի կրթութեամբ միայն մարդը՝ մարդ կը լինի, թող կուտայ ռամկութիւն եւ բրտութիւն, պիտանի անդամ կը կազմէ մարդկային ընկերութեան, տէրութեան, երկրին, իւր ժողովրդին եւ ընտանեաց։ Իսկ ընդհակառակն՝ տգէտ եւ անկիրթ մարդ անպիտան եւ վնասակար է իւր տէրութեան, ժողովուրդին եւ ընտանեայց։

Ափսո՜ս, ազնիւ Թոռնիկ, որ պապիկդ կարող չէ երկար ճառերով նկարագրել քեզ եւ ցոյց տալ թէ՝ ի՞նչ է գիտութիւն եւ