ի՞նչ է տգիտութիւն։ Միթէ չը գիտե՞ս դու, վարժապետ քեզ չսորվեցո՞ւց թէ՝ գիտութիւն լոյս է, իսկ տգիտութիւն խաւար. դու չը կարդացի՞ր մեր սուրբ Եղիշէի խօսքր թէ՝ կոյր մարդ կը զրկուի կատարեալ կեանքէն։ Ինչպէս մեր գիւղացիքս զրկուած ենք կատարեալ կեանքէն թէ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս։ Բայց պէտք է լաւ նկատես Թոռնիկ, եւ այնպէս չի կարծես, որ քաղաքացւոց վիճակը հաւասարապէս բարեկեցիկ է, ո՜չ, էդպէս մի՛ դատեր։ Քաղաքացւոց մեծ մասն շատ թշուառ եւ չարաչար կեանք ունին, մեծ աշխատութեամբ իրենց օրական պարէն կը ճարեն, խիստ սակաւապետութեամբ կապրին. կարօտ են մի աման թանապուրի, մեծ բախտ է եթէ մի կով կամ մի այծ ունենան։ Կը տեսնաս իրենց տները որ մեր խրճիթներէն շատ տարբերութիւն չունին, կը տեսնաս իրենց հագուստներ մաշուած ու պատռոտած եւ իրենց դէմք՝ չունի զուարթութիւն եւ կայտառութիւն. զօրհանապազ ընտանեկան հոգածութենէ յոգնած, կը շրջին դատարկ եւ անգործ, որոնք մեծալ մասամբ իրենց ծուլութենէն այդ վիճակին հասած են։
Կան նաեւ քաղաքացւոց դասէն այնպիսի մարդիկ, որ արտաքին ցուցամոլութեամբ իրենց ներքին յոռութիւն եւ թշուառութիւն ծածկելով՝ վարկ վաստկել կուզեն. նորանոր հագուստներ կը փոխեն, մեծ մեծ բաներ կը խօսեն, այնպէս որ կը կարծես դրամատէր վաստակաւոր եւ տուն շէն պահող մի մարդ է. բայց եթէ մտնես նորա տունը՝ կը տեսնաս դատարկ նոյն իսկ կարեւոր եւ կենսական բարիքներէ, ոչ տաշտին մէջ հաց կայ եւ ոչ ամանին մէջ մի գըդալ իւղ, հապա ի՞նչպէս կապրին, է Թոռնիկ, այդ մի հարցներ, միայն երեք բառով հասկցնեմ քեզ «խաբէութեամբ եւ մասամբ նորին»։ Քաղաքացիք թէեւ փոքր ի շատէ կրթուած են, ընկերական կեանքի մէջ քաղաքավարութեան շնորհ ունեն քիչ շատ, բայց օրըստօրէ անբարոյական կեանքի զեղծումներ կաւելնան իրենց մէջ։ Սիրելի Թոռնիկ, ես կը յիշեմ, աստի յիսուն տարի առաջ քաղաքացի ընտանիք մէկ մէկ նահապետական տուներ էին, երկիւղած եւ Աստուածավախ, ժամասէր եւ աղօթասէր. հաւախօսին ժամհար ելած ժամանակ, տան միջի բոլոր ընտանիք կը զարթնէին, այր մարդիկ մանուկների հետ եկեղեցի կերթային, եւ այսպէս էն ժամանակի բարեպաշտ հայրերը իրենց զաւակներ տղայութեան հասակէն բա-