րեպաշտութեան մէջ կը կրթէին՝ իրենց բարի օրինակներով։ Իսկ ծնողաց կրթութիւն ուրիշ բան չէր, խրատէն եւ խօսքէն աւելի, բարի օրինակն էր, եւ գիտե՞ս Թոռնիկ, մի բարի օրինակ կարժէ հազար խրատ։ Անցաւ գնաց էն բարի ժամանակ, իւր հետ տարաւ այն առաքինի նահապետական մարդիկ։ Արդի ժամանակ նոր նոր մարզիկներ բերավ աշխարհը, վասն զի ամէն ժամանակ իւր մարզիկներ ունի, այժմ աշխարհ փոխուած է, մարզիկներ յառաջդիմութիւն կը սիրեն, միայն թէ ճշմարիտ յառաջադիմութեան պայման, միջոց եւ նպատակ ի՞նչ է, զայն դեռ չգիտեն։ Մեր քաղաքացիք միայն յառաջդիմութեան մի մասն ըմբռնած են, այսինքն դրամ շահել եւ հարստանալ, ի՛նչ միջոցով կը լինի թող լինի։ Ագահութեան եւ շահամոլութեան ոգին այնչափ սաստկացած է, որ շահավաճառութեան մէջ իւրաքանչիւր մարդ միայն իւր շահ կը փնտռէ, նա հաշիւ չըներ եւ չգիտէ թէ ընկերին եւ իւր շահ համերաշխութիւն ունեն եւ մարդիկ միշտ շահակից են իրարու հետ։ Բայց շահամոլութեան անյագ, անխիղճ ոգին, գիտես թէ միայն կապրի աշխարհիս վերայ՝ եւ կասէ, ես շահեմ, ես հարստանամ, ես մեծանամ եւ վայելեմ աշխարհիս ամէն վայելք, ինձ՝ ի՞նչ փոյթ թէ ընկեր կը կործանի կամ աղքատ Ղազարոսի նման ինկած իմ դրան առաջ, սեղանի փշրանաց կարօտ կը քաշէ։
Բայց, Թոռնիկ, թողնենք շահամոլ քաղաքացւոց նկարագիրը՝ դառնանք մեր գիւղ. վասն զի իմ նպատակս է միայն գիւղական կեանքի եւ աշխատութեան վերայ խօսել եւ ցոյց տալ քեզ, թէ որչափ քաղցր է գիւղական ժողովուրդի կեանք, և որչափ մեծ է հողագործութեան արդիւնք, վասնզի աշխարհիս բոլոր արուեստներուն մայր երկրագործութիւն է, և իրմով միայն աշխարհս կապրի, զի մարդոյն սնունդ եւ կեանք հացն է, թողում այն բազմապատիկ այլ եւ այլ բուսական արդիւնքներ, զորս մարդ իւր ճարտարութեամբ կը պատրաստէ մեր կենաց պէտքերուն համար, եւ այնչափ որ թիւ եւ սահման չունին, որոյ վերայ առ հասարակ յետագայ դասերուն մէջ համառօտ կերպով պիտի աւանդեմ քեզ։