Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/354

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

օրինակներ մեր աչքին առաջ կերած են, մեր միտք ու հոգին տակաւին չնորոգեցան. մնացինք այնպէս հնութեան ու հեղգութեան մէջ։ Մեք մտաւոր մարդ ծնանք, այլ մեր ոտքի տակ աշխատող չքոտի մրջիւնին ժիր գործունէութիւն չտեսանք։ Մեծն Սողոմոն իւր խրատով աշխարհի վատ ծոյլերն կը յղէ դէպի մրջիւնին բոյն։

Եւ դու, որդեակ իմ, երբ մրջիւնի բունէն կանցնիս՝ կաց պահ մի ու զննէ, տես ու զարմացիր թէ քանի՞ աշխոյժ է այդ նկուն կենդանին. իւր բունէն մինչեւ քառասուն քայլ աւելի ուղղագիծ ճամբայ կը բանայ, կարաւան կարաւան անդադար կերթայ կուգայ. միշտ մի հատիկ պարէնով կը բեռնաւորի, կը բերէ կամբարէ իւր բոյնը. եթէ պատահմամբ կոխես ու ճմլես զինք ի գետին, եթէ սայլին անիւն իւր ճամբոյ վրայէն անցնի, հազարներով ջախջախուին, նա տակաւին աշխատութենէն չի կասիր եւ երբէք չի թողուր իւր բացած արիւնոտ ուղեգիծն. այլ դիակներու վերայ կը կոխէ ու կանցնի իբրեւ աշխատութեան աննկուն շահատակ։

Մրջիւն՝ մարդ չէ, բայց կը նախատեսէ, յամարան կը ժողովէ կամբարէ իւր պաշարը, եւ ի ձմերան կը վայելէ. ազատ մնալով ի սովէն։ Մարդ մրջիւն չէ, նախատեսող միտք ունի, եւ երբ չի նախատեսեր, անգործ կեանք կը վարէ՝ նորա ձմեռն անշուշտ սովամահն է։

Թողունք մրջիւնի բոյն, երթանք դէպի մեղուն, դիտէ ու տես թէ որչափ գործասէր է. երամ երամ կապելով կերթան ծաղկաւէտ հովիտներ կը շրջին, մեղրանիւթ կը ժողովեն եւ կուգան փեթակին մէջ կը գործեն, որոց արդիւնք թագաւորաց սեղան կը զարդարէ. եւ մեղրամոմն Աստուծոյ սեղանին վերայ կը վառուի։

Հապա չտեսնա՞նք մեր պատերու սարդի գործունէութիւն, որուն համար կասեն թէ կտաւագործութեան արուեստին հեղինակ լինելով օրինակ տուեր է մարդոյն. տես ի՞նչպէս անդուլ կը ճգնի, իւր աշխատութեան մէջ. անդադար կը մանէ, կը հիւսէ իւր որսական ցանցը պատրաստելու համար։ Եւ ի՞նչ է իւր նպատակը, գիտե՞ս, միայն ճանճիկ մի որսալ եւ իւր կեանք պահել։

Թող մտածեն մտաւոր մարդիկ եւ մեր աշխարհի ծոյլեր եթէ սարդին համար ճանճիկ մի պէտք է, ով չի գիտեր թէ ի¬