րենց համար եւս հաց պէտք է։ Զի մարդոյն կեանքը պահպանող հարն է, մարդն առանց հացի կը չքանայ։ Մարդոյն ընկերական կեանք աշխատութեան զբաղումով կապրի եւ կը յարատեւէ։
«Եթէ կայ աշխարհիս երկրագնդին վերայ ծայրագոյն եւ անտանելի բեռն մի, այլ ծոյլերուն կեանքն է». հարցուցին իմաստասէրի մի եւ նա այսպէս պատասխաներ։
Արդ ինչպէս տեսանք, սիրելիս իմ Սամուէլ, որ հարստութեան ծնող աշխատութիւնն է. ուղիղ կը հետեւի, որ աղքատութեան ծնող ծուլութիւն եւ անգործ կեանքն է. իսկ երկոցունց մեծ առաջնորդ, միայն՝ գիտութիւն եւ լոյսն է, իսկ միւսին՝ տգիտութիւն եւ կուրութիւն։ Վասն զի մարդոյն թշուառութեան բուն աղիտաբեր արմատը՝ մտաւոր կուրութենէն կսկսի եւ կաճի։
Կը յիշես դու, Եւրոպիոյ գիտնոր կաճառէն յառաջ, մեր ի մաստասէր եղիշէն մարդոյ կոյր կեանքի նկարագիրը ճշդութեամբ կը հանէ, երբ հազար երեք հարիւր տարի յառաջ կը տեսնայ նա Հայոց աշխարհի թշուառութիւն եւ անկատար կեանք, այսպէս կուտայ իւր վճիռը, թէ «Կոյր զրկի ի ճառագայթիր արեգական, եւ տգիտութիւն ղրկի ի կատարեալ կենաց»։
Այո, կուրութիւն կեանք չունի. նա պէտք է միշտ խարխափի աշխարհիս հրապարակին վերայ եւ մերթ եւս իւր գլուխը պատէ ի պատ զարնելով ջախջախուի։
Այլ ելս համառօտենք այս դասը, աշխատասէր եւ լուսասէր որդեակ իմ. եթէ կը բաղձանք որ աղքատութիւն եւ կուրութիւն մեր աշխարհէն բարձրուին, թշուառութեան աղբիւրի ակներ խրուին, եւ հարստութեան ու երջանկութեան ակներ բարուին, աշխատութիւն սիրենք ու պատուենք, հեղգամտութիւն եւ ծոյլ կեանք ատենք ու հալածենք մեր անձէն եւ մեր ընտանեկան սրահէն։
Իսկ դու, իմ ջանասէր որդեակ, որ մեր հայրենեար մի պանդուխտ զաւակն ես, երբ կը յաջողի քեզ դառնալ քո հայրենի երկիրը, գործասիրութիւն եւ աշխատութիւն քարոզէ, ժրագործ եղիր, կեանքդ բեղեմնաւորէ եւ բարի օրինակ հանդիսացիր քո հասակակից պատանիներուն առաջ։ Թող ի բաց ոսկին ու գանձ, տար իմ այս աշխատասիրութեան դասեր. տար աւանդէ մեր հայրենեաց անուս, անդպրոց մանուկներուն. ասա նոցա, թէ ձեր հայրեր պանդխտութիւն սիրեցին, օտարութեան