Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/356

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մէջ մաշուեցան ու մեռան, դուք ձեր հայրենի քաղցր ծոցէն ու գրկէն, հողէն ու ջրէն բնաւ մի հեռանաք։ Ասա թող աշխատին, գործասէր լինին եւ իրենց դառն քրտինք հայրենի հողին վերայ թափեն։ Այն հողն ու ջուր, զոր օրհներ է Աստուած, շատ հաց ու հարստութիւն կը տայ իրենց։ Յիշէ դու եւ յուշ բեր նոցա Սողոմոնի օգտակար խրատ, թէ «Որ գործէ զերկիր, լցցի հացիւ. եւ որ երթայ զհետ դատարկութեան, լցցի աղքատութեամբ»։


ԴԱՍ է.

ՈՒՂԻՂ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԱՑ

ՀԱՑ ԵՒ ԲԱՆ

Մարդիկ կան, որ միայն հացով կապրին. մարդիկ կան, որ կը
հրեշտականան, անհաց ապրիլ կուզեն, երկու դասն եւս միապես
կը խոտորին ուղղութենէն: Արդար ու տնտես մարդն այն է, որ
հացով եւ Աստուծոյ բանիւ միանգամայն կապրի աշխարհիս վերայ:

ՈՒՂԻՂ տնտեսութիւն՝ մեր նիւթական եւ բարոյական կեանքին մէջ այն իմաստութիւն եւ խոհական տնտեսող ձեռքն է, որ գիտէ հացիւ ու բանիւ միանգամայն իւր կեանքի պէտքեր հոգալ, եւ Քրիստոսի խօսքին համեմատ «Կայսերին՝ կայսեր տալ, եւ Աստուծոյն՝ Աստուծոյ»։

Այս տնտեսող ձեռք՝ պէտք է արդարութեան ու չափաւորութեան մէջ պահել, զի եթէ խիստ ընդարձակես զայն՝ շռայլ ու զեղխ կր լինիս, եւ եթէ սաստիկ կծկես՝ ագահ ու ժլատ կը լինիս, եթէ միայն քո անձին տաս եւ ընկերիդ մոռնաս, ղրկող կը լինիս, եթէ կայսերին տաս եւ Աստուծոյն մոռնաս՝ ապերախտ կը լինիս, եթէ միայն նիւթական կեանքիդ համար հացի պէտքեր հոգաս եւ մոռանաս Աստուծոյ բան եւ բարոյական պէտքեր, դու յայնժամ թերահաւատ եւ նիւթապաշտ կը լինիս, կարծելով թէ մարդոյն կեանք սոսկ հացով կարող է ապրիլ։ Եւ կ՛ապրի, այո եթէ մարդ յանձն առնու հաւասարիլ անասնոց եւ միայն խոտով ապրիլ։

Գիտենք թէ հաց մեր մարմնոյ սնունդ եւ աճումն է, բայց