Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/357

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հոգին եւս իւր սնունդ եւ աճումն ունի, եւ այդ՝ Աստուծոյ բանն է: Ուստի արդար տնտեսող ձեռք եւ միտք պէտք է որ նախ երկու ծայրայեղ կեանքէն զգուշանայ, ոչ առաւելու եւ ոչ նուազի. միանգամայն ոչ հացը թողու եւ ոչ Աստուծոյ բանը: Այլ իւր կենաց այդ երկու մեծ ու կենսական պէտքեր առանց զրկանաց արդար բաժինով հոգայ. դիտելով նաեւ թէ մեր կեանքին բուն կենդանարար մասն հոգին է. զի ասաց Քրիստոս՝ «Հոգին է կենդանարար. մարմին ինչ ոչ օգնէ»։

Սամուէլ որդեակ իմ, եթէ դու հաց եւ բան միանգամայն կը սիրես, մտադիւր լսէ այս դասը, որպէս զի կարենաս ուղիղ տնտեսութեամբ կառավարել քո կեանքը։ Վասն զի առանց ուղիղ տնտեսութեան մարդոյն կեանքը իւր չափաւորութենէն կը խանգարի. գանձը՝ գանձարանէն կսպառի, եւ ցորեանը՝ շտե- մարանէն։ Սորա հետ եւ ի միասին կսպառի բանն հոգիէն, կրօն եւ հաւատ՝ սրտէն։ Բայց խօսիմ նախ հացի եւ նիւթական կեանքի տնտեսութեան վերայ. վասն զի մարդիկ հացն աւելի կը հասկնան, բանին եւ հոգւոյ կեանքը իբրել վերացական գաղափար համարելով կը դժկամակին ըմբռնել զայն։ Բայց անհնարին է հացն ու բան որոշել իրարմէ։ Սոքա այնչափ սերտ կապակցութիւն ունին իրարու հետ՝ ինչպէս հոգին մարմնոյն հետ։

Խոհական որդեակ իմ, ինչպէս ուսար դու նախորդ դասիդ մէջ, թէ բուն հարստութեան աղբիւր մարդոյն գործունեայ աշխատութիւնն է, այսպէս նաեւ հարստութեան գանձարանին հսկող պահապանն՝ արթուն տնտեսութիւնն է։ Մարդիկ աշխարհիս վերայ մէն մի իւր կարգին եւ վիճակին մէջ առանձին առանձին տնտեսապետ են, եւ ամէն մէկ հաշիւ ու համար, պարտիք եւ իրաւունք ունին։ Թագաւոր՝ իւր աշխարհին տնտեսապետն է, իշխան՝ ժողովուրդին. հարուստն՝ իւր կալուածոց. աղքատն՝ իւր տնակին, քաղաքացին՝ իւր արհեստին եւ շահավաճառութեան. գիւղացին՝ իւր հողագործութեան. եւ իւրաքանչիւր գերդաստան ու ընտանիք՝ առտնին տնտեսութեան։

Երկրի մի ընդհանուր տնտեսութեան վիճակն ե՞րբ կը խանգարի, գիտե՞ս. երբ այդ կարգի մարդոց դասեր մեծ ու փոքր առ հասարակ կը խոտորին ուղիղ տնտեսութեան եւ պարտուց ու իրաւանց հաւասար չափէն։

Այլ պէտք է նկատեմք, որ այս խոտորումն միշտ բարձ-