րագոյն աստիճանէն կսկսի, եւ կերթայ կը հասնի մինչեւ ի ստորին աստիճանը. այսինքն թագաւորին պալատէն մինչեւ յետին գիւղացւոյն տունը։ Այս տեսութիւն շատ ճշմարիտ է, եւ շատ յայտնի է մեզ, զի դորա բազում օրինակներ կը տեսնամք աշխարհի մէջ եւ մեր աչքին առաջ։
Այսչափ միայն յիշելով շատ կը համարիմ ու կանցնիմ. միտքս այն չէ, որ խօսիմ մեր քաղաքային տնտեսութեան վերայ. եւ թէ խօսիմ եւս՝ ո՞վ պիտի լսէ։ Այլ միայն խօսիլ կուզեմ իւրաքանչիւր մարդոց կեանքին եւ առտնին ընտանեկան տնտեսութեան վերայ, որ իմ պաշտօնին եւ չափաւորութեանս պարտիքն է, լինելով անարժան տնտես Աստուծոյ եկեղեցւոյն։
Յիշէ, որդեակ իմ, ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ կոչուած աշխատութեանս մէջ այս պարտիքը փսքր ի շատ է վճարած եմ. բայց դարձեալ անձանձրոյթ կը կրկնեմ այս դասիդ մէջ զայն, որպէս զի Հայոց անտնտես ժողովուրդ, առաւել քաղաքացիք եւ մայրաքաղաքացիք, գէթ մեր գրելով եւ նոցա կարդալով խելաբերին. թէեւ ժամանակն նեղելով կը խրատէ զիրենք. վասն զի նորա ձայն եւ խիստ խրատ շատ կրթիչ ու զօրաւոր է քան զմեր գիրն ու քարոզ։
Բայց մարդիկ զարմանալի են. անցեալը շուտ կը մոռնան, եւ ժամանակն միշտ փոփոխական լինելով բազում անգամ եւ շատ մարդոց համար տնտեսութեան եւ նախատեսութեան վարժապետ չը լինիր. այլ մանաւանդ երբ յանկարծ երկրին կամ առանձին այս եւ այն մարդոյն համար բախտ բերելով կնդարձակէ յաջողութիւն, գիտես թէ յայնժամ առաւել շռայլութեան եւ զեղխութեան դասեր կուսուցանէ։ Մեք մեր ժամանակի եւ կեանքի մէջ դորա փորձ եւ ապացոյց տեսանք, որ այդ անստոյգ խաբող ժամանակ քսան տարի շարունակ այդ յոռի ու կարճամիտ դասեր սորվեցոյց Ասիական եւ առաւել Պօլսոյ ժողովուրդին։
Խրատ կուտամ քեզ, որդեակ իմ, ժամանակի բարեկամութեան վերայ երբէք մի վստահիր. նա միշտ խաբուսիկ է, երկու երես ունի, այսօր կը խնդայ եւ վաղը կը խոժոռի: Միշտ յուշիդ պահէ Սողոմոնին խրատ. «Ժամանակ լալոյ եւ ժամանակ ծիծաղելոյ»: Մինչ գանձարանդ գանձով, շտեմարանդ ցորենով լի են, մինչ շահավաճառոաթիւնդ յաջող է եւ դու առատ