եւ կթարախանաս անկասկած. ահաւասիկ այս է քո ծիծաղելոյ եւ բախտի ժամանակ։
Իսկ երբ բախտին անվստահ բարեկամութիւն յանկարծ իւր երեսը կը դարձնէ քեզմէ, շտեմարանդ եւ գանձատունդ կը դատարկանան, բազմաճոխ սեղանդ կը բարձուի, անդէն եւ մտերիմ բարեկամներդ կը հեռանան, որ քո խրախճանակիցներն էին. դու յայնժամ կռափշիս ու կը մնաս, թէ ի՞նչպէս պատահեցաւ քեզ այս։ Ահաւասիկ այս եւս քո լալոյ ու դժբախտութեան ժամանակն է։ Եւ ես պատմեմ քեզ, թէ ի՞նչպէս կը պատահի եւ որչափ են աշխարհիս եւ մարգոց կեանքի պատահարներ, մանաւանդ մեր ժամանակին եւ մեր բնակած աշխարհին։
Հարուստ ու մայրաքաղաքիս մէջ հռչակուած ճոխ գերդաստանի մի հայր կը ճանաչեմ ես. մի օր տեսի զինքն, որ հոգւոց հանելով կը խօսակցէր իւր բարեկամին հետ, եւ ես լռին անկն կը դնէի։ Նկատեցի նորա երեսը զի զուարթ եւ ուրախ չէր, ինչպէս յերեկն եւ յեռանդն, այլ թախծագին դիմօք նստեր էր, կը խորհէր ծանր հոգածութեամբ։
Իւր խօսակից բարեկամ հարցուց դորա պատճառը. նա զարմանալով պատասխանեց նմա, միթէ դու չը գիտե՞ս, միթէ իմ պատահարս քեզ չըպատահեցա՞ւ։ Ո՛չ. ասաց բարեկամն, չը դիտեմ։ Ուրեմն դու միայն կաս յԵրուսաղէմ եւ այլն ... սկսեք ապա այլաբան ոճով մի պատմել։
Ես, ասաց, մի պողպատէ գանձու պահարան ունէի, այնչափ կուռ զրահաւորեալ էր, որ ամէն կերպ ճարտար գողութեանց դէմ կարող էր մրցիլ, որուն մէջ իմ բոլոր հարստութեանս գանձը ապահոված էր ու ես բնաւին անկասկած էի։ Մի օր բացի այդ իմ երկաթակուռ գանձարանս, ասացի թէ փոքր ինչ զբօսնում եւ խաղամ գանձերուս հետ։ Ո՛հ, ո՛հ, ի՞նչ. առանք բանալիի, առանց ո եւ իցէ ձեռքի ճարտարութեան՝ գանձի պահարանս փակուած տեղ ինքնին պարպուած էր։ Թուեցի կրկին եւ կրկին, տեսայ քանակութիւնն՝ նոյնն էր։ Բայց ի՞նչ օգուտ, զօրութիւն սպառած էր, ոչինչ արժէք չունէին ոսկիներս, գիտես թէ ամբողջ ժանտաջուրի մէջ թաթախուելով հարիւրէն տասն հազիւ իբր թէ ոսկւոյ մասն մնացեք էր։ Այս մնացորդին վերայ գուրգուրալով կը կասկածիմ, գուցէ այն եւս առնի տանի նոյն ոսկեհան ժանտաջուրն։