Ես ի սկզբանն իբրեւ ապուշ կը լսէի այս պատիպատ պատմութիւնն. հուսկ ուրեմն հասկցայ այդ գանձատէր մեծատունին միտքը. Բայց ես մտքիս մէջ դատեցի զինքն յիշելով Եզրվպոսի իմաստուն առակը, թէ «Դու մսագործ էիր, քեզ ի՞նչ պէտք էր պայտառութիւն»։ Որովհետեւ այդ անձն՝ հայրենի արուեստով վաճառական էր, բայց շահու ցանկութիւն հրապուրեր էր զինքն սեղանաւորաց նման տոկոս առնելով դիւրաշահութեամբ եւս հարստանալ։
Այս փորձառու պատմութենէն խրատ առ, որդեակ իմ, որ առաւել շահու ցանկութեամբ արուեստափոխ չը լինիս։ Գիտցիր նաեւ, որ ամէն ժամանակն՝ իւր ժանտաջուրն ունի. եւ այնչափ ճարտարաձեռն գող է ժամանակ, որ գանձարանդ առանց բանալւոյ կը կողոպտէ։ Անհոգ անկասկած մի լինիր, այլ միշտ վախցիր դու ժամանակի դժպատեհ բերմունքէն, ինչ որ այսօր է, վաղը նոյն չէ. «Շատ է աւուր չարն իւր», ասաց Յիսուս։
Չգայթակղիս, որդեակ իմ, թէ ես Աւետարանի պատուէրին դէմ՝ հակառակ կուսուցանեմ քեզ, այն է, թէ «Մի հոգայք վասն վաղուին, վաղիւն վասն իւր հոգասցէ». եւ այլն: Բացատրեմ քեզ Աւետարանին միտքը, որ ուղիղ մտքով հասկնաս նորա հոգին եւ իմաստը. եւ դու այնպէս չը դատես ինչպէս իմաստակներ կը դատեն, զոր ես լսեցի ու յոգիս վշտացայ. որպէո թէ Աւետարան իւր այդ պատուէրով կարգելու մարդոյն՝ ապագայի հոգն ու մտածմունք:
Ո՛չ, այդպէս չէ, բարեմիտ որդեակ իմ. Յիսուս իւր հաւատացելոց երբ այս աշխարհէն յետոյ՝ երկնից արքայութիւն խոստացաւ, նա կամեցաւ որ իւր հաւատացող ծառաներ հեթանոսաբար բազմահոգ նիւթապաշտ չը լինին, միայն իրենց յոյսն աշխարհի վայելից վերայ դնելով՝ այն անձնապաշտ մեծատան պէս կասէր. «Անձն իմ, ունիս բազում բարութիւն ամբարեալ ամաց բազմաց. կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրախ լեր»։
Այս յանձն ապաստան ոգիէն յայտնի է թէ խիստ անիրաւ տնտես մի էր նա, որ միայն իւր անձին համար գանձեր էր, եւ իւր մեծութեան մէջ Աստուծով չէր պարծեր։ Նա չունէր այն երկիւղած հաւատը, թէ ամէն բարիքներ Աստածոյ ձեռքէն կնդունի մարդն։ Բարերար Աստուած, որում շատ պարգեւէ, կը կամի որ մարդն արդար տնտեսութեամբ մատակարարէ զայն. սէթ իւր աւելորդ ընչից կարօտ ընկերին բաժին հանելով: