Քաջ ի միտ առե՞ր դու թէ՝ ոչ Աւետարան եւ ոչ Սուրբ գրոց ուրիշ բան կը պատուիրեն որ մարդ չնախատեսէ։ Վասն զի մտածող մարդոյն ի բնութենէ բնական է նախատեսութեան հոգը. թող բանաւոր մարդն, ապաքէն տեսար դու աշխատութեան դասիդ մէջ մրջիւնին եւ մեղուին օրինակը։ Եթէ այդ չքոտի կենդանիներ այդչափ նախադոհակ են իրենց դոյզն պարենի համարք անշուշտ մարդ քան զմրջիւն մեծ է. նա առաւել պարտաւոր է որ նախատեսէ եւ հոգայ իւր կեանքի պէտքեր։
Բայց դարձեալ նկատել արժան է, որ երկու ծայրայեղ անչափաւորութենէն Հեռի մնայ մարդն, ոչ այնչափ նախատեսութեան խորերուն մէջ սուզանի, որով ագահութեան եւ թերահաւատ հոգերով խեղդուի. եւ ոչ այնչափ անհոգ աննախատես լինի, որ նոյնպէս շռայլութեան ու զեղխութեան հեղեղներով գլորի։ Ուստի մեծ իմաստութեան չափ ու կշիռ պէտք է ուղիղ տնտեսութեան մէջ այդ միջին ճանապարհ գտնել, ոչ ի ձախ խոտորիլ եւ ոչ ի յաջ։
Այո՛, աշխարհ, ժողովուրդ, եկեղեցի, ընտանիք, եւ նոյն իսկ մարդ իւր առանձին կեանքը տնտեսելու համար՝ իմաստուն խոհականութիւն պէտք է, դիր ու հաշիւ պէտք է, ուղիղ ճշդութիւն պէտք է. եւ այս ամենուն հետ արդար խղճմտանք եւ Աստուծոյ բան պէտք է, որ գիտնայ մարդ ուղիղ բաժանել թէ կայսերին եւ թէ Աստուծոյ բաժին։
Այլ որովհետեւ այս աշխարհիս վերայ մարդոց կարգ, վիճակ ու կեանք շատ զանազան են իրարմէ, սորա համար անձնիւր մարդ առանձին առանձին տնտեսութեան պարտիքներ ունի՝ առաւել կամ նուազ։ Աշխարհիս իշխաններ եւ մեծատունները փառասէր չենք համարիր, եթէ նոքա իրենց համբաւոյն, անուան եւ ճոխութեան համեմատ վայելուչ պերճութեամբ կեանք վարեն։ Նոքա մեծ զրկանք կը գործեն ընկերութեանք եթէ ամենագծուծ կեանք վարելով՝ խիստ ժլատութեամբ կծկեն իրենց ձեռքը. եւ գետի նման յորդացած գանձին ճանապարհ գոցեն, որ չվազէ ժողովուրդին հրապարակը։ Նոքա եթէ չշինեն շքեղ տուն եւ մեծամեծ ապարանքները, այդ ինքնին յայտնի է որ տան ճարտարապետ, շատ արհեստաւոր եւ գործաւոր մարդիկ վնասուելով իրենց վաստակէն՝ կը զրկուին։ Նմանապէս եթէ նոքա թանկագին մատանիները չը դնեն իրենց մատը, եթէ ամէն օր տարազ տարազ հանդերձներով չը պըճնազարդին. եթէ բազմախոց-