մոռնան նոքա իրենց մեծամեծ պարտականութեան գործեր առ եկեղեցին, առ ազգն, եւ ազգային դպրոցներ. եթէ ազգին յառաջդիմութեան արահետ ճամբայ մի բանալու համար՝ իրենց գանձարանին դուռը չի բանան. եթէ հայրենեաց բարգաւաճման համար՝ հայրենասիրութեան մեծ պարտիքներ չը կատարեն. եթէ բախտ յաջողեր է նոցա մեծ պաշտօնեայ եւ նախարար եղեր են երկրին կառավարութեան, ինչպէս առաքինին Յովսէփ, որ յիշեց Յակովբայ տուն ու լացաւ. այլ սոքա ցյագ ուտեն հաց եւ չը յիշեն երբէք Հայկայ քաղցած տունը. եթէ նոքա վերջապէս իրենց մեծութեան գանձ ու գութ փակեն առ մարդկային ընկերութեան թշուառութիւն. միայն ու միայն վայելեն Աստուծոյ տուած բարիքներ. նստին մեծահաց սեղանին վերայ, հագնին բեհեզն ու ծիրանին, գէթ սեղանին փշրանքներէն եւ պատառ մի կտաւէն չի տան աշխարհիս փողոցներու մէջ ինկած Ղազարոսներուն, որպէս զի ոգեպահիկ հաց ուտեն եւ այդ պատառիկ կտաւով իրենց մերկութիւն ծածկեն կամ իրենց վէրքեր պատատեն, ամէն ամէն ասեմ քեզ, որդեակ իմ, այդպիսի մեծատունք անիրաւ են իրենց տնտեսութեան մէջ. անիրաւ են երկնից եւ երկրի առաջ, այսօր եւ յաւիտեան, որոց համար Քրիստոս իւր Աւետարանով սպառնացաւ. «Վա՛յ ձեզ մեծատանցդ, զի ընկալայք զմխիթարութիւն ձեր»։
Այսչափ դատեցինք աշխարհիս մեծատուններ։ Բայց մեծապէս կանիրաւիմք, որդեակ, եթէ արդար տնտեսութեան բեռները միայն մեծատանը վերայ բարդեմք։ Սկսիմք այժմ ժողովուրդի միւս դասերուն կեանքը դատել, որոց կարգ, վիճակ եւ աստիճան շատ բազմատեսակ է, եւ ամէն կարգի մարդիկ եւ ընտանիք՝ իւրաքակչիւր իրենց ունեւորութեան չափով ուղիղ տնտեսութեան օրէնքը պահելու պարտական են։
Ինչպէս իրաւունք տուինք մեծատանը, որ իրենց աստիճանին պատշաճող պերճութեամբ ապրին, նոյն իրաւունք կուտանք ժողովրդական դասերուն, որ իրենց վիճակին ու վաստակին համեմատ չափաւոր պարկեշտութեամբ ապրին։ Բայց երբէք իրաւունք չենք տար ժողովրդական կարգի այն դասերուն, որոց ջահ ու վաստակ շատ չափաւոր է, որ նոքա եւս ցանկութեան տենչով ձգտին մեծատանը պէս ճոխագոյն կեանքով վարիլ, առ ոչինչ համարելով՝ ոչ նախատեսութեան եւ ոչ չափաւորութեան տնտեսող կշիռը։ Զի թէպէտ քաղաքային օրէնք ազատութիւն