կուտայ ժողովուրդին որ իւրաքանչիւր մարդիկ՝ իրենց գոյից եւ ընչից բացարձակ տէր լինելով՝ ազատաբար վարուին, ազատաբար տնտեսեն իրենց կեանքը։ Այլ երանի՝ թէ դորա համար եւս չափ ու սահման որոշէր երկրին կառավարութիւնն. որով թերեւս անչափասէր ժողովուրդը օրէնքով ու սրով ճանաչէր իւր չափաւորութիւնը։ Բայց միթէ հա՞րկ էր դորա համար օրէնք. վասն զի թէ աշխարհի եւ թէ առտնին տնտեսութեանն՝ այդ օրէնքը շատ բնական է մարդոյն կենաց մէջ եւ իւրաքանչիւր մարդոց բուն իրենց կեանքէն, գոյքէն, եւ գանձէն կը բղխի։ Խոհական ու բանաւոր տնտեսութիւնն կուսուցանէ որ մարդ իւր շահերուն չափով կենցաղավարի։
Իսկ եթէ ճոխասէր լինելով իւր չափէն ի դուրս նկրտի, աշխարհ զայն կը դատէ ու կը մեղադրէ։ Եթէ մարդ, որ ինքն պարզ քաղաքացի մի է ու չափաւոր շահու տէր, պարզ տուն մի իրեն բաւական չի համարիր, պերճասիրութեան ցանկութիւն զինքն գրգռելով կը ձեռնարկէ իշխանի վայելուչ ապարանք մի շինել, ծանրագին կահ կարասիներով զարդարել. նոյնպէս նուաստութիւն կը համարի նա հետիոտս քալել, իշխանի կառք կը նստի, հրապարակէն կանցնի եւ կը ցուցամոլի աշխարհին առաջ. չարաչար կը զեղծանի նա անչափաւոր տնտեսութեան մէջ։
Սոյնպէս եթէ սոսկական արհեստաւոր մի, որուն ձեռքն ու մատունք արհեստագործութեան մէջ բրտացեր են, մեծամտի իշխանի մատանի դնել, եւ իւր կին իբրեւ իշխանուհի սիրամարգի պէս պճնազարդելով ելնէ ու նազելով շրջի ժողովուրդի հրապարակի մէջ, ցոյց տալով թէ եւ ես կարող եմ մրցիլ հարուստ տիկիններուն հետ, եւս չարաչար կը զեղծանի տնտեսութեան մէջ:
Այլ ով չի դիտեր ու չը ճանչնար, թէ այդպիսիներն այն ընտանիքներէն են, որոց Հացը՝ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը տեւէ. այսինքն թէ օրական աշխատութեամբ ու շահով կապրին դոքա: Ուստի յայտ է թէ՝ այդ պճնասիրութեան անհարկի պէտքեը թէ պարտքով եւ թէ խաբէական միջոցներով եւս հայթայթեն, ոչինչ փոյթ չունին եւ չեն հոգածեր երբէք, թէ այդպիսի անտնտես կեանքի մը ապագան՝ ընտանեկան կեանքին կործանումն է։
Ահաւասիկ այապէա կը զեղծանի ուղիղ տնտեսութեան օրէնք,