ուղղասէր որդեակ իմ, երբ ժողովուրդի կարգեր կանքնին իրենք չափ էն ու սահմանէն, թողլով պարզութիւն եւ սակալապէտ կեանք, չխնայելով իրենց դառն ու չարաչար աշխատութիւնն, մոռանալով թէ մարդ քանի՞ տաժանելի քրտինքով իւր հացը կը հայթայթէ աշխարհիս վերայ։
Ազգ, ժողովուրդ, քաղաքացի, դիպեցի, տէր, ծառայ, հարուստ, աղքատ, առ հասարակ ամէն կարգի մարդիկ երբ կեանքի տնտեսութեան ուղղութենէն կը խոտորին, նոցա ճանապարհ դէպ ի կորուստ կերթայ. նոքա միշտ իւրեանց հարստութենէն կը թափին եւ աղքատութիւն շուտ կը հասնի նոցա վերայ ինչպէս մի արագոտն սուրհանդակ։ Այսպէս հասաւ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաքին վերայ. նոյն օրինակ պիտի հասնի բոլոր գաւառացի ժողովրդոց վերայ, եթէ անցեալ փորձերէն եւ Բիւզանդացւոց տնաւեր օրինակէն ուշաբերելով չխրատուին։
Է՜, սիրելիդ իմ Սամուէլ, քաջ ի միտ առի՞ր տնտեսութեան այս դասն, դու որ դեռ ուսանող ես եւ տակաւին տնտեսական կեանքին մէջ չի մտար։ Բայց քո որդիական մեծ պարտիքն է, գիտնալ ու երախտագէտ լինել. թէ ուսմանդ ու դաստիարակութեանդ համար որ չա՜փ անխնայ ծախսեր արած եմ. այս մասին մէջ՝ տնտեսութեան հաշիւն իմ չափէն անցուցի, այն ապագային յուսով, յորում կեանքիդ պտղաբեր արդիւնքը բազմապատիկ պիտի քաղեմ։
Ուսիր, որդեակ իմ, ուսեր այժմէն, որ այն ապագային մէջ, յորում գուցէ ես ի գերեզման իջած լինիմ, դու ողջ մնալով բարւոք տնտեսես քո կեանք եւ հայրենի ընտանիք: Ես հարուստ վաճառաշահ քաղաքացի չեմ, որ բազում գանձ թողում քեզ ժառանգութիւն: Մի պանդուխտ գիւղացի հայր եմ ես, եւ քո ժառանգութիւն՝ մեր գեղի հողն ու դաշտն է։ Ես հող միայն կը թողում քեզ, հող, որ հազար անգամ ոսկե գանձէն անսպառ անկողոպուտ գանձ է. զոր ես քո պապէն ժառանգեցի, եւ այդ անգին աւանդ ողջ ամբողջ պահեր եմ մինչեւ ցայսօր։ Եօթն անգամ ի պանդխտութիւն ելայ. եւ չուզեցի բնաւ որ թիզ մի գետին վաճառեմ, մինչ անձկութիւն զիս կը ստիպէր եւ պարտատեարք զիս ի բանտ կը վարէին: Այլ միշտ աշխատեցայ ամէն բան զոհել ու հողային կալուածներս պահել։
Ուխտիւ զթեզ պարտական կը կացուցանեմ, որդեակ, որ հօրդ օրինակին հետեւիս, բոլոր կեանքովդ ջանացիր գիւղա-