Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/366

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան տնտեսութեան մէջ յառաջդիմել։ Ես քո միտք այս դասերսվս մշակեցի, որպէս զի դու եւս քո հողերդ ու դաղտերդ բարւոք մշակես։ Տես դու յայնժամ այն մեր արգաւանդ հողերն ո՞րչափ առատ խոտ ու ցորեան պիտի տան քեզ։

Եթէ ողջ մնամ ու հետ քեզ դէպ ի հայրենիք դառնամ, վա՜ջ, ո՞րքան պիտի հրճուի հոգիս, երբ տեսնամ քո յառաջդիմութիւն գիւղական տնտեսութեան մէջ, որով դու բարի օրինակ պիտի լինիս այն խեղճ գիւղացւոց, որ հողագործութեան արհեստին մէջ դեռ մանուկ մնացեր են։ Միթէ իրաւո՞ւնք ունինք մեղադրել զիրենք, երբ ուսումն չունին։ Իմ եւ քո սեպուհ պարտիքն է գեղացի մանուկները զարգացնել եւ կարեւոր կրթութիւն տալ։ Փորձով կը տեսնաս դու թէ ի՞նչպէս մանկակիցներդ շուտով կը յառաջդիմեն։ Չգիտե՞ս դու թէ գիւղական դաշտի ազատ մանուկներ քանի աշխոյժ եւ կորովամիտ են։

Վերջին բան, վերջին մի քանի խրատ եւս աւանդեմ քեզ, որդնակ, եւ այսպէս աւարտեմ այս կրթական դասդ, որ աշխարհիս վերայ կեանքդ ուղղավարող ուղիղ տնտեսութեան ղեկն է։ Այս ղեկն՝ քո հերկագործութեան մաճին պէս ուղիղ բռնէ, եւ մի թողուր երբէք որ խոտորի. զի այդ է միայն որ կեանքիդ բոլոր ակօսներն ուղղութեամբ կը վարէ. եւ մինչեւ ի գերեզման քո հաց եւ հարստութիւն չի պակսիր։ Զգո՛յշ, զգույշ, Աստուծոյ բան չարհամարհես եւ միայն հացով ապրիս դու. յայնժամ կը մոռնաս մարդկութեան շնորհն ու պատիւ, անասնոց կը հաւասարիս. կապիրատիս նաեւ նախախնամող երկնից Հօր դէմ, երբ նորա հացն ուտես եւ զայն չօրհնես։ Սոսկ բերանոյ օրհնութիւն բաւական չէ. այլ եւ պարտական ես արդեամբք փառաւորել զայն։ Երբ այգիդ կը կթես՝ ճռաքաղ մի առներ. երբ արտերդ կը հնձես՝ թափած ու մնացորդ հասկեր թող, որ այրիներ, որբեր եւ աղքատներ ժողովեն զայն։ Այսպէս կը պատուիրէ Աստուծոյ օրինաց Սուրբ Գիրք: Ամէն արմտիքէն բաժին ու տասանորդ տուր Աստուծոյ. «Պատուեա՛ զՏէր ի քոյոց արդար վաստակոց, եւ հան նմա պտուղ ի քոց արդարութեան արմտեաք։ Զի լցցին շտեմարանք քո ցորենով եւ հնձանք գինեաւ քով առաւել եւս բղխեսցին»։ Ագահ Կայենի նման անուղիղ մի բաժաներ. այլ արդար Աբէլի պէս պտուղդ հաճոյապէս նուիրէ Աստուծոյ։

Այս է աւասիկ հացին ու բանին ուղիղ տնտեսութիւն, եւ