ես կօրհնեմ զքեզ, որդեակ իմ, որ բոլոր կեանքիդ մէջ հացն առանց Աստուծոյ բանին չուտես. այլ հացն ու բան ի միասին խառնելով կեր, որպէս զի կեանքդ կատարեալ լինի, եւ դու թէ առ Աստուած եւ թէ առ մարդիկ պարտիքներդ կատարելով իբրեւ արդար ու հաւատարիմ տնտես ապրիս աշխարհիս վերայ։
Յիշէ Աւետարանին առակը, քեզ յանձնուած քանքարը շահեցուր. զի Տիրոջ առջեւ պատասխան ունիս տալ, եթէ անհոգութեան վարշամակին մէջ ծրարելով անշահ պահես զայն։ Իսկ եթէ տոկոսով հանդերձ հատուցանես, Քրիստոս զքեզ կը գովէ. «Ազնի՜ւ ծառայ բարի եւ հաւատարիմ, որով ի սակաւուդ հաւատարիմ եղեր, ի վերայ բազմաց կացուցից զքեզ. մուտ յուրախութիւն Տեառն քո»։
ԴԱՍ Ը.
ԻՆՔՆԱՇԽԱՏ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
ՍԻՐԵԼԻԴ իմ, Սամուէլ, մարդոյն ընդհանուր աշխատութեան դասն ուսար, եւ նոյն աշխատութեան արդիւնքն ուղիղ տնտեսելու դասն ուսար. այժմ եկաւ կարգն որ ժողովուրդին ինքնաշխատութեան դասն սկսիմ քեզ. ուշի ուշով միտ դիր դու. վասն զի այս ամենակարեւոր դասն է, աշխարհիս այլ եւ այլ ժողովրդոց յառաջդիմոլթեան, եւ բարգալաճման՝ միակ պայմանն ու ճանապարհն։
Քաջ ի միտ առ, որդեակ իմ, եւ ես թուեմ քեզ, թէ՝ ի՞նչ են ժողովրդոց ինքնաշխատութեան պարտիքները, զորս նա պէտք է իւր բոլոր կենաց մէջ աշխատելով. տքնելով կատարել ջանայ։
Աշխարհիս վերայ ոեւիցէ մի ազգ եւ ժողովուրդ, իւր կեանք պահող, տնտեսող ու բարւոքող քրտնաջան մշակն է, իւր արտ վարող մաճկալն է, իւր սերմ ցանող ու հնձող ինքնավարձ աշ-