Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/381

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԴԱՍ Ժ.

ԵՐՋԱՆԻԿ ԵԻ ԱՊԵՐՋԱՆԻԿ ԿԵԱՆՔ

ԱՇԽԱՐՀԻՍ

Երջանկութեան ծաղիկներ եւ ապերջանկութեան փուշեր.
մարդկութեան դարաստանին խառնաբոյսերն են, որ կը
բերեն զբարին եւ զչար:
Իսկ եթէ ի՞նչ է ապա բարւոյն եւ չարին աղբիւր եւ արմատ —
Մարդոց սիրտն է, զոր տեսաւ Յիսուս եւ ասաց:
«Մարդ բարի՝ ի բարի գանձուց սրտի իւրոյ բղխէ զբարի,
եւ մարդ չար՝ ի չարէն բղխէ զչար»:

ՍԻՐԵԼԻԴ իմ Սամուէլ, աշխարհիս երջանկութեան եւ ապերջանկութեան դասը պիտի խօսիմ քեզ, խելամտութեամբ ուշ դիր, դու որ ծաղկատի հասակիդ մէջ մտադիր ես աշխարհիս երջանկութեան ծաղիկները միայն քաղել եւ ապերջանկութեան փուշերէն ի բաց հեռանալ։

Խօսինք. ի՞նչ են երջանկութեան ծաղիկներ եւ ի՞նչ են ապերջանկութեան փուշեր, որք խառնաբոյս կաճին մարդկութեան ագարակին մէջ. դոքա դաշտի խոտերու նման ինքնաբոյս են, թէ մարդոյն ձեռք չը մշակէ զանոնք:

Եթէ ողջամիտ տեսութեամբ դատենք, պիտի տեսնամք որ այդ ծաղիկներու եւ փուշերու մշակը՝ մարդն է, իւրաքանչիւր անձն է, ընտանիքն է, ժողովուրդն է, ազգն է, աշխարհն տէրութիւնն է. որք առհասարակ կաշխատին աշխարհիս ագարբակին մէջ, կամ ծաղիկներ կը մշակեն եւ կամ փուշեր. այդ երկու բոյսերուն սերմերն՝ իրենց ազատ կամքն ու սիրտն է։

Արդ եթէ մարդոյն ձեռքն է՝ երջանկութեան եւ ապերջանկութեան թէ ծաղիկներու եւ թէ փուշերու մշակն, ուրեմն քանի որ մարդիկ կան աշխարհիս վերայ, մարդկութեան դարաստանին մէջ երջանկութեան եւ թշուառութեան ծաղիկներ եւ փուշեր յաւիտենական անհրաժեշտ օրէնքով պիտի մշակուին։ Եթէ միայն խլել ուզենք փուշերը, ոչինչ օգուտ չունի. դարձեալ անդրէն կը բուսնին. վասն զի նոցա բուն արմատն մարդն է. հարկ է որ զմարդն խլենք աշխարհէս։ Թէպէտ կան մարդիկ, որ դժնիկն ու