ծաղիկ ի միասին խլել կուզեն, առանց խնայելու կանաչին եւ չորին, վարդին եւ փուշին։
Եթէ կարենանք եւս միայն փուշեր խլել եւ ծաղիկներ թողուլ, այսինքն թշուառութիւն բառնալ եւ երջանկութեան ծաղիկներն այլ եւս կը մնա՞ն, կամ երջանիկ կարծուած մարդ իւր երջանկութիւն կը զգա՞յ առանց թշուառին վիճակը տեսնելու։ Վերցուր աղքատ Ղազարոս մեծատան դրան առջեւէն. եւ ահա այլ եւս նա իւր երջանկութիւն չը զգար եւ առ ոչինչ կը համարի իւր այնչափ հաճոյք եւ փափկասուն կեանք։ Վերցուր նաեւ մեծատունն եւ իւր շքեղ ապարանք Ղազարոսի աչքի դիմացէն, ծածկէ նորա բեհեզն ու ծիրանին մեծահաց սեղան եւ ծառաները, եւ ահա նա չը զգար այլ եւս իւր թշուառութիւն, նա ինքնին մեծատուն կը լինի, ուրախ եւ գոհ կեանք կը վարէ բարեկամներու հետ։
Այո կը լսենք ու կը հալատանք, թէ մարդասէր քաղաքակրթութիւն անտէրունջ անկեալ Ղազարոսներ ժողվեց աշխարհիս հրապարակէն. հիւանդանոց, դարմանաց եւ պատսպարան պատրաստեց նոցա համար, կոյրեր, համրեր եւ խուլերն անգամ գործունէութեան մէջ դրաւ, մինչդեռ մեր աշխարհի խեղանդամներ անդարման, անպատսպար թողուած են փողոցներու մէջ։ Մարդկութեան այդ անարդուած պատկերներ գետնասող, գետնաչարչար լինելով՝ կողկողագին ձայնով կը պաղատին, անցաւորաց կարեկցութիւն կը հայցեն։ Եւ դու երբ Վոսփորի ծովակամուրջէն անց ու դարձ կանես, կը տե՞սնաս այդ թշուառութեան ապաժոյժ օրինակներ բուն մայրաքաղաքիս մէջ, որ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհին խիստ մերձաւոր դրացին է։
Բայց միթէ թշուառութեան երեւոյթ պատկերներ նոքա՞ են միայն, որ խեղանդամ են, կոյր ու համր են, մի լումայի եւ հացի կարոտ են, անտուն անյարկ են, մերկ ու մուրացիկ կը շրջին փողոցներու մէջ։ Ոչ, դոքա թշուառութեան փոքրիկ երեւույթներ են, զորս մարդոյն աչք սովորած է տեսնալ եւ այնպէս կարծել թէ դոքա միայն թշուառ են։
Թշուառութիւն աշխարհիս վերայ համատարած է. եւ մեր ներքին ու արտաքին կեանքին մէջ ծաւալելով տիրեր է, տեղ մի առաւել եւ տեղ մի նուազ, նորա պատկերին երեւոյթներ շատ բազմադիմի են, տե՛ս, որդեակ իմ, եւ ես նոցա պատկերներ հանեմ քո առաջ։