րօտութեան եւ զրկանաց մէջ, նորա վիճակ միշտ գետնահաւասար է. նա բարձրութիւն չունի, որ երկնչի կործանումէն։ Իսկ երջանիկ կարծուածն, որոյ բախտն ու վիճակ բարձրագոյն աստիճանին վերայ կայացած է, մինչդեռ ինքն անկասկած է, յանկարծ սահելով կը կործանի եւ մեծ շառաչմամբ կը տապալի ի գետին ինչպէս մի տապարահատ մայրի ծառ։ Յայնժամ միապէս կողբան անբախտն ու բարեբախտն. մին իւր մէկ ոտքէն եւ միւսն իւր փարթամ գլխէն չարապէս ջախջախուելով։
Եթէ այսպէս, ապա ուրեմն այս աշխարհիս վերայ երջանկութիւն եւ ապերջանկութիւն զուգածին եղբայր են. մեր կենաց ճանապարհին մէջ միշտ համընթաց են. անհնարին կը թուի մեզ իրարմէ բաժանել, եւ մարդկային կեանք իբրեւ մի դրախտ մշակել այնպէս, որ բնաւ թշուառութեան փուշեր չբուսնին։
Այլ որովհետել մարդոյն կեանք խառնաբոյս է երկրիս վերայ, քանի որ ինքն կայ, փուշն ու ծաղիկ միեւնոյն արմատէն պիտի շառաւիղէ, այլեւս ընդունայն է ջանալ մեր այս փշալից աշխարհ ծաղկեբուրաստան դարձնել։
Կը խռովիս ու կը վհատի՞ս, որդեակ իմ, երբ այսպէս յուսահատ կը խօսիմ. տեսնալով որ պարտիզպան մի իւր պարտէզը մշակելով, զարմանելով, փուշերէն կը մաքրէ. եւ անբեր երկիրը բարի սերմերով ու տունկերով կարդիւնաւորէ. միթէ մարդն կամ մարդկութեան երկիր քան զհողն անպիտա՞ն է։
Այո՛, մարդն՝ հողին տիրապետ իշխանն է եւ քան զհողն բիւր անգամ գերազանց, հոգեղէն ձիրքով ու բանաւորութեամբ ճոխացած։ Բայց գիտե՞ս, մարդն ի բնէ չարին հակամէտ է. կը ճանաչէ զբարին, բայց ինքն դէպի չարըն կը հակամիտի. վասն այսորիկ կարդարանայ Աստուած. թէ Միտք մարդկան ի խնամս չարին են արձանացեալ ի մանկութենէ։ Մարդն ոչ միայն չարին հակամէտ է, այլ եւ չարաստեղծ ու չարահնար է. մարդն իբրեւ հեղինակի իւր սրտի գործարանին մէջ կստեղծէ զչարն եւ կը հանէ ի դուրս, եւ ահա այն է թշուառաբերութեան աղբիւր, որ կը վազէ մեր ընկերական դարաստանին մէջ, կը սնուցանէ մեր ապերջանիկ կեանքի թշուառութեան փշերը։
Քրիստոս աշխարհիս փիլիսոփայից պէս զմարդն իւր երեսով եւ երեւոյթով չքններ. նա թափանցիկ հոգի էր, մտաւ մարդոյն սիրտը, կրկտեց եւ վկայեց, որ չարութեան ու բարութեան աղբիւրը՝ մարդոյն սիրտն է, բարի սիրտն՝ զբարին կը բզխէ.