գլխէն սկսեալ մինչեւ ոտք արդարութիւտ կը գործենք մեծ եւ փոքր առհասարակ իւրաքանչիւր կարգի մարդ կը ճանչնայ իւր պարտիք եւ իրաւունք. այդ եւս ժողովուրդին եւ ազգին արդարութիւնն է։ Թէ մեղք եւ թէ արդարութիւն իրենց նկարագիրն ունին. ես նախ մեղքին տգեղ ստուերագիր հանեմ քեզ, թէ զիա՞րդ մեղք իւր ամէն հանգամանօք իբրեւ համատարած՝ ախտ՝ երբ կը ճարակի ժողովրդոց բոլոր մարմնոյն մէջ, մահառիթ կը լինի նմա, որով կսկսի յայնժամ տակաւ տակաւ հիւծելով մեռնիր
Եւ ի՞նչ է այդ մահացուցիչ մեղք: Ինչ որ ինձ յուշ կուգան, զայն թուեմ քեզ:
Երբ մի ազգի եւ ժողովուրդի խղճի գիտակցութեան խայթ իսպսռ կը բթանայ, երբ պարտուց եւ իրաւանց արդարաչափ կշիռը՝ ժողովուրդի ընկերական կեանքէն կը բարձուի, երբ ազգի եւ աշխարհի վարիչ իշխաններ՝ արդարութեան պարտիքներ կը մոռնան, երբ դատաւորներ կանիրաւեն, եւ օրինաց տեղ կամք եւ բռնութիւն կը տիրէ, երբ ժողովուրդ կը մոռնայ այն պատուէրներ եւ պարտիքներ զորս Քրիստոս եւ Պօղոս պատուիրեցին՝ Կայսերինը կայսեր տալ եւ հատուցանել ում պարտական է ժողովուրդ եւ ումեք պարտական չմնալ, երբ կը ստահակի ժողովուրդ, երկրին եւ ազգին օրէնքները հնազանդութեամբ չի յարգեր, կը հեստէ եւ անիշխան վարիլ կուզէ, երբ ժողովուրդ իւր ընկերական շահավաճառութեան մէջ առանց արդար կշռի կը գործէ, այլ եւս իւր խիղճն ի բաց կը թողու, եւ որչափ կարող է կանիրաւէ եւ կը նենգէ, երբ նիւթապաշտութիւն կը տիրէ ժողովուրդին մէջ, հոգին կը նուաստանայ ու կը մեղկանայ, հովիւն իւր հօտով, պաշտօնեայն իւր ժողովրդով եւ իշխան իւր երկրով առ հասարակ Աստուծոյ ճանապարհէն կը խոտորին, երբ ժողովուրդ ճշմարտութիւն կատէ, դէպ ի լոյս երթալ չուզեր, երբ խաւարասէր լինելով՝ խաւարագործութեան մէջ կը թափառի, երբ ազգի եւ երկրի կառավարութեան անձնիւր կարգեր գերիվայր լինելով կը շփոթին, ժողովուրդն իբրեւ իշխան կը լինի, մանուկն ծերոյն աթոռը կը բազմի, քահանայն իբրեւ ժողովուրդ կը լինի եւ ժողովուրդ իբրեւ քահանայ, տէրն իբրեւ ծառայ եւ ծառան իբրեւ տէր. տիկին իբրեւ աղախին եւ աղախին իբրեւ տիկին. երբ անարգն իբրեւ պատուական կը յարգուի եւ պատուականն կանարգուի, երբ տգէտք ու խաբեբայք կը տիրեն, ժողովուրդի