հաւատարիմներ կը մերժուին։
Մի խօսքով համառօտեմ քեզ. երբ երկրի ժողովուրդ բանաւորութեան լոյս, մարդկութեան պատիւ իսպառ կը մոռնայ. թէ բնական խղճի օրէնքներ, թէ Աստուծոյ յայտնեալ օրէնքներ, թէ քաղաքային եւ ընկերական օրէնքներ, գլխովին կեղծանէ եւ կապրի նա այնպէս, ինչպէս Նոյեան դարու ապիրատ ժողովուրդ, որոց համար կը վկայէ Սուրբ գիրք. «Ապականեցաւ ամենայն մարմին առաջի Տեառն»։
Իսրայէլի ժողովուրդի մարմին երբ ոտքէն մի նշել զգլուխ կը զեղծանէր ու կախտանար, Եսային իբրեւ բժիշկ նորա բաւերը շօշափելով կասէր. «Ամենայն գլուխ ի բաւս եւ ամենայն սիրտ ի տրտմութիւն, յոտից մինչեւ ցգլուխ չիք ի նմա առողջութիւն, եւ այլն»։
Եթէ կուզես թէ եբրայական ժողովուրդին եւ թէ աշխարհիս այլ եւ այլ հին ժողովրդոց բարուր ապականութեան բոլոր նկարագիրը տեսնալ, մեծ մտադրութեամբ կարդա Սուրբ Գրոց մէջ Դատաւորաց եւ Թագաւորաց պատմութիւն. կարդա՛ բոլոր մարգարէութեանց գրքեր ու բողոքները. տես ո՞րչափ կենդանի նկարագիր կը հանեն Աստուծոյ ընտրեալ Մարգարէք եւ կը դնեն զայն ժողովուրդի աչքին հանդէպ։
Թո՜ղ Սուրբ Գիրքը. կարդա՛ ընդհանուր ազգաց պատմութիւնները, յորս յայտնի կերեւի նոյն ժամանակի մարդոց կեանքի հանգամանքներն, եւ կը տեսնաս դու թէ ժողովրդոց համատարած մեղք կործաներ է աշխարհիս հին ազգեր եւ գահերը. ինչպէս Եգիպտոսի, Յունաստանի, հին Հռովմայ վերջին հարստութիւն, Կարքեդոնի, Բաբելոնի, Ասորեստանի, եւ այլն։ Չմոռնանք նաեւ նոր Հռովմայ Կոստանդիանոսի գահը, որ Բիւզանդիոնի գագաթան վերայ բարձրացած էր։
Այլ եւս տակաւին աշխարհիս նոր ազգերու մեղք պիտի կործանէ այն ամէն ազգեր, որ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան լոյսէն խոյս կուտան, եւ դեռ ապրիլ կուզեն հնութեան եւ հին մեղքերու մէջ։
Ճշմարիտ քաղաքակրթութիւն ասացի, որպէս զի դու կարենաս որոշել թէ աշխարհիս վերայ սուտ քաղաքակրթութեան երեւոյթներ եւս կան. որք թէպէտ ի հեռուստ այլ եւ այլ գոյներով շպարեալ կը տեսնուին, այլ ի ներքուստ ժողովուրդին կեանք երթալով կը վատթարեն, կը զեղծանեն զեղխութեան ոչ