Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/394

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծայրայեղ ազատութեան մէջ։ Նոքա եւս թէ վաղ անագան այժմեան բարգաւաճութենէն կը նուազին եւ կը կործանին։ Վասն զի ցոյց կուտայ աշխարհիս փորձը թէ ամէն ծայրայեղութեանը վախճանը կործանումն եւ կորուստ է։

Բայց դու, ողջամիտ որդեակ իմ, մի գուցէ այնպէս ըմբռնես ու դատես թէ ազգ եւ ժողովուրդ երբ իւր վարիչներով հանդերձ միահամուռ կը մեղանչեն, զոր ի վեր անդր նկարագրեցի քեզ, յայնժամ համայն ազգ, հայրենիք, եւ պետութիւն կը կործանին իբրեւ արդար եւ անաչառ հատուցումն բոլորն ի միասին կրելով կորստեան աղէտը, որոյ ճիչդ օրինակ կը տեսնամք Սոդոմայ եւ Գոմորայ ամբարիշտ ժողովրդոց վերայ։ Արդար նահապետ Աբրահամ խոնարհելով իբրեւ հող եւ մոխիր երկնից արդարութեան առաջ կամեցաւ նորա ցասումն իջուցանել, ուստի մտերմօրէն հարցանելով կասէր. Տէր, եթէ այն քաղաքներուն մէջ քառասուն արդար գտնուի, դարձեալ պիտի կործանե՞ս, նոցա համար չը պիտի՞ խնայես մնացեալ ժողովրդոց։ Եւ այսպէս հարցանելով՝ իջաւ մինչեւ հինգ արդարոց թիւ, այն եւս չը գտնուեցաւ. միայն արդար Ղովտ մի կար՝ զայն ի դուրս հանեց եւ անդէն կործանեց, մոխիր դարձուց ամբարշտաց քաղաքները:

Սակայն շատ անգամ արդարութեան հատուցումն ուրիշ եղանակաւ կը տեսնամք. այսինքն ժողովուրդի կամ երկրի մի մասն կը մեղանչէ, օրինազանց կը լինի. հատուցումն ամբողջ ազգ հաւասարապէս կընդունի։ Վասն զի անցելոյն մէջ պատմութենէն գիտենք, եւ ներկային մէջ մեր աչքով կը տեսնամք. եւ ի՞նչ է այս, շատ յայտնի է աշխարհին առաջ։ Զի երկրի վարիչներ կը գործեն մեղք, երկիր եւ ժողովուրդ կը տուժէ եւ կը կործանէ։ Հայրեր կուտեն ազոխ, եւ որդւոց ատամունքներ կառնուն. առաջնորդներ կը խոտորին եւ ժողովուրդ մոլորելով կը հետեւի։ Եւ այսպէս աշխարհիս մեծամեծ լեռներուն մեծակոյտ մեղքեր՝ զայրացած հեղեղներ ու եւ գետերու նման բարձրադիր լեռներէն կը թափին ժողովուրդի դաշտին վերայ, եւ զայն հեղեղատար առնելով՝ ամէն բարեշինութիւն կը քանդեն ու կաւերեն։ Եւ ի՞նչ կը լինի սորա վախճանը, ոչինչ, իրենք եւս կը նստին այնուհետեւ աւերակ հողաբլուրին վերայ։

Համառոտ անցայ այս կէտին վերայ, որդեակ իմ, ուշիմ ես դու, կը հասկնաս թէ ինչ կը խօսիմ։ Թողլով այդ ժողովուր-