պարտքեր կը ճանչնան եւ Աւետարանին քարոզած ընկերական օրէնք լիովին կը կատարեն։
Ժողովուրդ եւս կը բարձրանայ, եթէ Աւետարանին եկեղեցւոյ աւանդած այդ արդարութիւններ գործելէն յետոք սիրէ նաեւ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան յառաջդիմութիւնը, որ Աւետարանի քարոզած ազատութեան լոյսէն լոյս առնելով, մարդկային ընկերավարական աշխարհ կը լուսաւորէ, մարդ իւր հին բարութ բրտութենէն կազնուացնէ եւ դէպ ի կատարելութիւն կը վարէ։
Ես գիտեմ, դու այս մեր ժամանակը տեսնալով, քաղաքակիրթ աշխարհին վերայ կը գայթակղիս, երբ կը թողու Աւետարանի խաղաղութեան դարը, կը թողու արդարութեան իրաւախոհութիւնը, կռիւ, սուր ու թնդանօթ ի գործ կը դնէ, արիւնով կը լուանայ կեանքը, մահով կը գրաւէ ժողովուրդին որդիքները։
Այդ մի հարցներ այժմ, դորա պատասխանը շատ դժուարին ու ընդարձակ է. դու չգիտե՞ս որ նոյն իսկ քաղաքակիրթ աշխարհ իւր հին ոգիէն փոխուելով դեռ զգոնացած չէ, եւ այդ սպանիչ հրազէն գործիքներն իբր եւ արդարութիւն ի դործ կը դնէ։ Ո՛վ կը լսէ Քրիստոսի խօսքին, որ կը սաստէ. «Սուրդ ի պատեան դիր, եւ այլն»։
Թող գահեր, թող պետական մարզիկներ, նոյն իսկ ժողովուրդն եւս գահ կը սիրէ, փառք կը սիրէ, սուր կը սիրէ. իւր ընկեր ժողովուրդին վերայ յաղթութիւն կը սիրէ։ Եւ ես չասացի քեզ թէ արեւմտեան քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ արդարութիւն հանգուցեալ է տիրապէս։
Ո՛չ, դեռ նորա մեղքեր շատ են, դեռ նա կը պահէ հին վայրենութեան այն մեծ ահռելի մեղքն. եւ ի՞նչ է այդ, փոխանակ խաղաղարար արդարութեան՝ խռովութիւն եւ արիւնագործութեան արհեստ, զի երբ զայրանաք իւր հնարած գերանդիներով մարդոց կեանքը կը հնձէ ու կը բառնայ աշխարհէն. մարդոց հոգիներն ինքն չէ տուեր. չգիտենք թէ ի՞նչ իրաւունքով կառնէ։
Տեսա՞ր, արդարասէր որդեակ իմ, թէ քանի զօրաւոր է արդարութիւն, քանի՞ հզօր ձեռնկալու է աշխարհիս վերայ այն ազգերուն, որ զայն կը սիրեն ու կը պահեն, նոքա միայն օր ըստ օրէ կը բարգաւաճին ու կը բարձրանան։ Իսկ այն ազգեր, որ արդարութիւն կարհամարհեն, արդարութեան ուղիղ ճանապարհէն կը խոտորին, պարտուց եւ իրաւանց կշիռը ոտնհարելով կը խորտակեն, մարդկութեան շնորհ ու խղճի գիտակցու-