թիւն կը կուրցնեն, աստուածպաշտութեան կրօն եւ հաւատ առ ոչինչ կը համարին, ահաւասիկ այդ ազգերու սերունդ Աստուծոյ արդարութեան օրհնութիւն կարող չեն ժառանգել։
Եւ ի՞նչ կը լինին, այդ յայտնի է, թէ հազար տարի եւս ապրին, թէ աշխարհակալ լինին, թէ գահերն ամպերու վերայ դնեն, ի վնրջոյ արդարութեան կայծակէն զարնուելով կը տապալին ի գետին, կը խոնարհին մինչեւ գերեզմանին խոր։ Ինչպէս մի մարդու համար ծնունդ, աճումն, մահ եւ գերեզման կայ, այսպէս ազգերն եւս իրենց գերեզմանն ունիէն. եւ ահագին վիհ մի է, որոյ մէջ կը ծածկուի նոցա յիշատակ։ Եւ ի՞նչ կը թողան նոքա. Եգիպտոսի բուրգեր, Բաբելոնի աշտարակներ եւ Հռովմայ կրկէսներ. դոքա պահ մի աշխարհիս վերայ կը վերանան, կը բարձրանան որպէս Լիբանանու մայրիներ, զոր անցաւ տեսաւ Դաւիթ, եւ ամբարշտին կեանք նմանցուց նոցա. «Տեսի զամբարիշտն վերացեալ եւ բարձրացեալ որպէս զմայրս Լիբանանի։ Անցի եւ ահա ոչ էր. խնդրեցի, եւ ոչ գտաւ տեղի նորա»։
Այլ եւս հերիք է, որդեակ իմ, թողունք ազգերու մեղք եւ արդարութիւն, շատ յարմարագոյն է թէ ասեմ, մահ եւ կեանք։ Դու ինքնին անշուշտ խելամտեցար. թէ այդ երկուքին սկզբնական սերմեր ժողովուրդի անհատներէն կսկսին եւ ցանուելով ցանուելով կը տարածին ազգութեան երկրին բոլոր երեսը։ Եւ դու, որ մի ազգի եւ ժողովուրդի անհատ սերմիկ եւ զաւակն ես, մանկութեանդ հասակէն սկսելով ուղղութիւն եւ արդարութիւն սիրէ։ Ոչ մտքէդ եւ ոչ ձեռքէդ երբէք մի թողուր այդ ուղղութեան սուրբ կշիռը, որ ընկերական կեանքիդ մէջ կուսուցանէ քեզ պարտուց եւ իրաւանց կատարեալ ճանաչումն։ Այդ կշիռը թէ անարատ պահես, դու աշխարհիս վերայ մուրացիկ չես լինիր. Դաւիթ կերաշխաւորէ. «Մանուկ էի ես եւ ծերացայ, եւ ոչ տեսի զարդարն արհամարեալ եւ ոչ զաւակ նորա թէ մուրանայ հաց»։ Քեզ լաւ իսկ է թէ աղքատ լինիս, արդար լինիս, քան մեծատուն՝ սուտ եւ անիրաւ, ըստ Սողոմոնի առակին։ Նոյն կը խօսի դարձեալ, «Մեծութիւն խռկեալ անիրաւութեամբ, պակասեսցի. իսկ որ Աստուած պաշտութեամբ ժողովէ, բազմասցի»։
Կը փառաւորիս, որդեակ իմ, թէ նախանձաւոր ու հետեւող լինիս նախնի արդարոց շաւղին։ Թէ Արիստիդէսին պէս ուրախութեամբ վարուիս կեանքիդ մէջ, անիրաւութենէն խորշիս եւ արդար անունը թողաս աշխարհիս վերայ, յայնժամ քո արդար