Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/398

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործքեր, քո յիշատակ կը յաւերժացնեն քո հայրենի ժողովուրդին մէջ։ Եւ քեզ ի՞նչ մեծ փառք, գիտե՞ս, թէ անունդ կենդանի մնայ, կարդացուի միշտ ժողովուրդի կենդանի սրտին մէջ, եւ չը լինիս դու այնպէս՝ ինչպէս կասէ Դաւիթ. «Եւ կարդասցին անուանք նոցա ի հողս իւրեանց»։


ԴԱՍ ԺԲ.

ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ՊԱՏԱՀԱՐՔ

ԱՇԽԱՐՀԻ

Ի՞նչ էն ժամանակի պատահարներ, որ մեծամեծ աղէտներ
կը բերեն աշխարհիս վերայ, տարե՜րքն են, հողմե՜րն են,
ծովե՜րն են, ցամա՜քն է, շա՜րժն է, սո՜վն է, մահտարաժա՜մն է:
Ո՛չ, ո՛չ. աշխարհիս մեծ պատահարներ՝ մարդիկ են, եւ նոյն
իսկ մա՛րդն է մարդոյն պատահար, տարապարտ է մարդոց
դատաստանը, որ պատահարները՝ միայն տարերաց վերայ կը
ձգեն կամ կ՛ասեն թէ չար ժամանակ բերաւ:

ՀԱՐՑՈՒՐ, նորատի որդեակ եմ Սամուէլ, եւ ես խօսիմ քեզ թէ ի՞նչ է ժամանակ եւ իւր պատահարներ աշխարհիս վերայ. դու որ նոր ժամանակի գարնան ծաղիկն ես. դու որ նոր թեւակոխեր ես կենացդ առաջին շրջանին մէջ. դու դեռ ամառն ունիս, որ քո պտղաբերութեան շրջանն է. աշունն ունիս, յորում պիտի ժողովես պտղաւէտ կեանքիդ արդիւնք. ձմեռն ունիս, յորում պիտի հանգչիս ու վայելես։

Մեծ մտադրութեամբ ուսիր այն դասն. ուսի՛ր թէ ինչպէս կը դառնայ արագ արագ ժամանակի անիւն ու շրջանը, եւ իւր չարադարձ հուովման մէջ կը վարէ կը տանի մարդոյն կեանքը խանձարուրէն մինչեւ ի գերեզման, եւ յառաջ կը բերէ աշխարհիս այլ եւ այյ պատահարներ, մերթ չարիքներ ի վեր կը հանէ եւ մերթ բարիքներ. եւ չարն ու բարին, անիրաւն եւ արդար առ հասարակ իւր հզօր դաւաղանին տակ վարելով՝ հէք մարդոյն կեանքը իբրեւ աշխարհիս գետերը կը տանի կը թափէ յաւիտեան ծովուն անդունդը։