Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/400

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այսպէս չը կարծենք ու դատենք հեղգամտութեամբ, թէ երթ մարզիկներ անգործ նստին, ժամանակն ինքնին նոցա համար կը գործէ։

Մենք թէպէտ աշխարհիս բոլոր պատահարներ ժամանակի ազդեցութեան կուտանք, բայց հետազօտել պէաք է, թէ պատահարներն ի՞նչ են, ուստի՞ է նոցա սկիզբն եւ ծնունդ։

Ուղիղ դատելով հարկ է խոստովանիլ, թէ ժամանակի պատահարներ մեր անցեալ գործոց հետեւանքներն են. եթէ մենք չգործենք՝ ժամանակ իւր պատահարով կը դադարի, ի բաց թողլով այն բնական տարերաց պատահարներ։ Ժամանակը մինչեւ գերեզմանին դուռը կը վարէ իւր պաշտօնը եւ կիշխէ մարդոյն կենաց վերայ, այնուհետեւ կը կնքէ իւր հաշիւը, ինչպէս կնքեր է մեռելոց աշխարհին հետ։

Որչա՞փ զարմանալի է, երբ մարդիկ առանց գործելոյ, ժամանակէն գործ եւ յաջողութիւն սպասեն, որպէս թէ ժամանակն աշխարհին տնտեսն ու մատակարարն է, եւ կամ թէ մեր ագարակի մէջ վարձաւոր մշակ։ Նախախնամութեան օրէնքով ժամանակն իւր պարտիքը լիովին կը կատարի: Ցանկալի գարուն կը բերէ մեզ, որ վարենք, ցանենք. ամառն կը բերէ, որ մեր ցանածներ բուսնին. աշուն կը բերէ, որ մեր ամէն աշխատութեանց ու վաստակոց պտուղները ժողովելով շտեմարանենք. ձմեռն կը բերէ, որ երկրին հող, վաստակաբեր մշակն, եզնամոքներ հանգչին, եւ մարդ իւր վաստակը քաղցրութեամբ վայելէ: Անաշխատ եւ տրտնջող մարդ, որ ամէն բան ժամանակի յաջողութենէն կը յուսայ, ոչ ի գարնան կը ցանէ, ոչ յամարան կը զարմանէ, ոչ յաշնան կը ժողովէ եւ կը ցանկայ նա, որ ի ձմերան նստի հանգիստ ուտէ եւ վայելէ:

Մարդիկ որ վիճակի մէջ որ լինին, թէ յաջողութեան եւ թէ ձախողութեան, մի՛շտ սովորած են անշնորհակալու լինել ժամանակէն. ուստի եւ կը խօսին թէ ժամանակ չար է, անյաջող է, միշտ արկածներ կը բերէ, մի օր ծաղրերես կերեւի եւ միւս օրը կը խոժոռի. թէ այսօր հաց տայ՝ վաղն անօթի կը թողու եւ այլն։

Գիտենք, ժամանակին բախտ եւ մարդոյն յեղյեղուկ կեանքը անհաստատ է. գիտենք նաեւ ժամանակը մեծամեծ արկածներ ունի, որ մեր ուժէն կը խուսափին եւ մարդ կարող չէ խոյս տալ կամ փախչիլ: Ամպեր կորոտան, հուր եւ կայծակ կը փայ-