Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/401

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լատակեն, խեղճ հովիւ որ կաղնի ծառի տակ ապաստաներ է, կը զարնաւի եւ անդէն մրկած ու սեւցած խանձող կը դառնայր Ժամանակ՝ նոյն ամպերէն սոսկալի կարկուտ եւ անձրեւ կը տեղայ, սարն ու ձոր հեղեղ կը դառնան, գեղն ու քաղաք կողողեն ու կը քանդեն։ Ժամանակ՝ ամպերէն կիջնայ գետն ի տակ կը մտնայ. ահագին երկրաշարժներ կը հանէ. կը կործանէ մեր շքեղ կառուցած շէնքերը. ո՜հ մեր շինած տունը մեզ համար գերեզմանի գուբ կը լինի։ Ժամանակն իբրեւ ժանտ հրեշտակ մահտարաժամ կը բերէ, աշխարհէ աշխարհ կը յածի, չորն ու կանաչ առ հասարակ կը վառէ, եւ չգիտես դու թէ ո՞ւր տեղէն կը բերէ այն անհուն անհամար ջորեակն ու մարախ, որ ցանած արտեր եւ դաշտերու կանաչներ կուտէ կսպառէ։ Ժամանակն մերթ եւս երկնից անձրեւաբեր ամպերը կը վանէ ու կը ցրուէ, երկինք կը պղնձանայ երաշտութեամբ եւ կը հարուածէ խեղճ երկրագործին բոլոր աշխատութիւնը։ ժամանակը չէ թէ սաստկաշունչ հողմերով կը փչէ ու ծովու ալիքներ միայն կը յուզէ, եւ ծովավաստակ աշխատաւորները ջրի անդունդին տակ անհող, անգերեզման, անյիշատակ կը թաղէ, այլ եւ նոյն իսկ ցամաք երկրին վերայ, զոր մարդիկ ապահով կը կարծեն, նոյն հողմերով կը տապալէ ծառեր ու շէնքերը, եւ Ափրիկէի մէջ շատ անգամ գեղեր ու կարաւաններ անապատի աւազաներուն տակը կը թաղէ։

Չենք ժխտեր թէ ժամանակն այլ եւս շատ արկածներ ունի, որուն տակ ենթարկուած է աշխարհն ու հէք մարդ, բայց ժամանակի բերած այդ պատահար արկածներ շատ նուազ են եւ ոչինչ համեմատութիւն չունին այն արկածներուն հետ, զորս մարդ ինքնին իւր ձեռօք կը բերէ, կամ անգիտութեամբ կամ դիտութեամբ ու չարութեամբ հանդերձ։

Մտադրութեամբ լսէ, որդեակ իմ, ես մարդոց ու ժամանակի իրաւանց դատաստանը ի վեր պիտի անեմ. եւ դու մանուկ իմաստուն ես, իբրեւ ծեր՝ դատաւոր եղիր ու վճիռ տուր։

Մարդիկ իրաւունք ունի՞ն ասել, թէ ժամանակն իւր այդ արկածներով մեր աշխարհ կաւերէ, եւ կը թշուառացնէ մարդկային ընկերութիւնը, երբ ազգ՝ ազգի դէմ, մարդ՝ մարդոյ դէմ, ընկեր՝ ընկերի դէմ սուր հանելով եղբայր՝ հարազատ եղբօր դէմ իբրեւ թշնամի կը զինեն։ Եւ երբ աշխարհիս գահակալաց հոգին զայրանայ, դիւանագիտութեան ծածկեալ հրաբուխներ