Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/404

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լինելով ասել թէ ժամանակը չար է. եւ թէ երկրի պատահարներ կը կապեն մեր ձեռք եւ ոտքը։

Գիտենք այդ, այո՛, կան երկրի պատահարներ, ծանր ու դժուարին, որք մարդոյն յառաջդիմութեան քայլերը կը կաշկանդեն։ Բայց միթէ ժամանակի պատահարները կը բարձուի՞ն կամ կը պակսի՞ն աշխարհէս։ Եթէ մարդոյն մեծ պատահար մարդն է, պէտք է մրցիլ այդ պատահարին հետ գիտութեամբ եւ կրթութեամբ, այդ միակ միջոցն է, որ կը յաղթէ պատահարներուն։

Թողունք այժմ երկրի եւ ժողովուրդի ընդհանուր պատահարները, դառնամք առանձին ընտանեաց, գերդաստանաց եւ առանձին անհատ անձինքներու համար խորհրդածել, որք զօրհանապազ դառն տրտունջ կը բառնան, թէ ժամանակի չարութենէն մեր տուն մեր գերդաստանը կործանեցաւ. ճոխ ու հարուստ ազնուական ընտանիք շքաւորեցան. եւ այլն։

Բայց ուղղութեամբ դատելով տեսանք դոցա եւ ժամանակի պատահարին դատաստանը, տեսնամք նաեւ թէ այդ կործանիչ ձեռք առաւել իրենց ձե՞ռքն է, թէ չարապատեհ ժամանակին։

Եթէ այդ ճոխ ու փարթամ ազնուական ընտանիքներ, երբ ուղիղ անտեսութեան օրէնքէն ու չափաւորութենէն խոտորելով՝ զեղծան շռայլեցան ամենազեղխ կեանքի մէջ, թափեցան թէ հին եւ թէ նոր հարստութենէն. այս բնական վախճանը՝ չար ժամանա՞կ բերաւ, թէ չափազանցութեան հետեւանքն էր, որ չգիտցան հարստութեան կեանք տնտեսել։

Դու կը տեսնաս ու կը ճանչնա՞ս մեծատանց այդ ժառանգորդ զաւակներ, դոքա երանի կուտան իրենց հօր եւ պապու ժամանակին, ասելով, թէ նոցա ժամանակ շատ բարի ու յաջող էր, իսկ մեր՝ չար ու դժուարին։ Այսպէս արդարանալ կուզեն դոքա, որք իրենց կեանքը հեղգութեան եւ անցործութեան մէջ վարեցին, ոչ միայն անսպառ գանձեր վատնեցին, այլ եւ այդ նիւթական ճոխութեան հետ կորուսին հայրենի տան բարոյական համը այն, փառքն ու հիշատակն։ Արդ, ո՛ւմ է մեղադրանք, ո՞ւմ է յանցանք, չուր ժամանակի՞ն թէ չարավար ժառանգորդներուն։

Գուցէ դոքա սրտմտին եւ չընդունին այս դատաստանը, ասեն թէ չար ժամանակ զեղխութեան չարօրինակ, նորասիրութեան պերճանքները հեղեղի նման արեւմուտքէն քշեց բերաւ մեր աշխարհ, մեք եւս կամայ ակամայ ողողեցանք. եւ նոյն իսկ ժամանակ զմեզ ստիպեց որ հետեւինք քաղաքակիրթ աշխարհին։