Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/410

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հանդարտին այն զայրացած ոգիները, որ հուր, սուր, կռիւ ես վրէժխնդրութիւն կը գոչեն։

Աւա՛ղ մարդկային թշուառաբախտ ընկերութեան, ով դիտէ, դեռ քանի՞ ժամանակ, քանի՞ դարեր աշխարհ իւր ազգերով ժողովրդով պիտի հեծեն աղիողորմ, երկրիս մեծամեծ պետական ծովեր պիտի խռովին, այդ ալիքներ կոհակներ պիտի հանեն. այդ ինքնավառ հրաբուխներ, ինչպէս դրեցի, միշտ պիտի բորբոքին, շարժեն երկրագունդ, աշխարհ սասանեն, ջրով ու մոխրով ծածկեն ժողովրդոց կեանքը:

Ոգիդ կը լքանի, որդեակ իմ, եւ յուսահատ կը լինիս, եթէ տակաւին աշխարհավար դիւանագէտներ այսպէս շարունակեն, աշխարհի վիճակ ու վախճանն ո՞ւր կը հասնի։

Ես խօսիմ քեզ, որդեակ. մեր աշխարհի կարգ ի սկզբանէ անտի այս է եւ այսպէս պիտի երթայ տակաւին։ Դու գիտե՛ս դեռ մարդն անհալ եւ անկատար հանք մի է. աշխարհիս պատահար քուրային մէջ, այսինքն կրակի եւ իւր արեան մէջ նա դեռ պիտի հաի ու մաքրուի, մինչեւ որոշուին ընտրեալներ, մինչեւ գայ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան ոսկեդար, յորում աշխարհիս վարիչներ անկեղծ սրտով եւ անխաբ մտքով ընդունին Աւետարանի ընկերութեան եւ խաղաղարար ոգին։ Մեռնին երթան աշխարհիս երեսէն խռովարար եւ անարդար տիրապետող ոգիներ։ Այն օր միայն հաւատանք, որդեակ, որ Դաւթի գուշակութիւնը տիրապէս կը լրանայ. «Եղիցի խաղաղութիւն ընդ ամենայն երկիր, եւ ի վերայ գլխոց լերանց։ Առցեն լերինք զխաղաղութիւն ժողովրդեան եւ բլուրք զարդարութիւն»։

Դառնանք այժմ խօսինք ընկերսիրութեան այն պարտիքներու վերայ, որոց առ հասարակ պարտական են Աւետարանին հաւատացող որդիքներ։

Բայց թէ կ՝ուզես ճշդիւ իմանալ, որդեակ իմ, թէ ի՞նչ է ընկերսիրութեան պարտք, որչափ եւ մինչեւ ո՞ւր, եւ ո՞վ է մեր ընկեր. միայն մեր ընտանի՞ք, մեր ազգակա՞նք, մեր բարեկա՞մք, մեր դրացի՞ք, մեր ազգայինը կամ հայրենակի՞ցը, եւ կամ այն մարդի՞կ, զորս մենք կը ճանաշեմք։ Ո՛չ, Աւետարանի ընկերսիրութեան պարտիքը ընդհանուր մարդասիրութիւնն է. երբէք այդ խտրող բառերը չի ընդունիր. «Եթէ սիրէք դուք զսիրելիս ձեր, կամ փոխ տայը միայն բարեկամաց ձերոց, ո՞ր շնորհ է ձեր», ասաց Քրիստոս։