պայծառ օր կըսկսէր, երբ Բիւզանդիոն Վոսփորէն հրանօթներ կորոտային, եւ Օսմանեան միապետ ինքնակալ Կայսր սահմանադրութիւն կը կնքէր. այն ուրախ օրերուն, ո՜հ, մոլեգնութեան հուրն զքեզ լափեց, ծուխով ու մուխով խեղդեց քո խնղութեան ձայն եւ շունչ։
Մինչդեռ մայրաքաղաքն իւր համայն գաւառներով հրավառութեան տօն կը կատարէր, դու հէք ապերջանիկ Վան, քո տօն հրավառութիւն չէր. այլ ծախիչ ու Համաճարակ կրակ մի, որ մի գիշերուան մէջ սպառեց զքեզ. այսր Բիւզանդիոնին մէջ պանդուխտ զաւակներդ երգոց ու նուագարանաց ձայներով կր պարէին, իսկ այդր քոցերուդ ճարճատիւն միայն կը լսուէր, որոր հետ կը խառնուէր նաեւ թշուառ որդիքներուդ ողբ, կոծ, լացն ու աղաղակ։
Ծովն քեզ մօտ էր, ջրոց աղբիւրներ եւ վտակներ կը վազէին. կարաձմեռն էր, թանձր ձիւնի ճերմակ սաւանով պատած էիր, շէնքերդ ամէն հողակառոյց էին, մարդ կը զարմանայ, թէ որպիսի դիւրութեամբ վառեց զքեզ կրակ։
Այդ մի հրաշք է աշխարհի առաջ. ե՞րբ հուրն զհող վառեց, ո՞վ լսեց ու տեսաւ որ Վանայ շէնքերն հրդեհէն վառին. թէ գիտէք՝ դուք պատմեցէք մեզ, ո՜ հարիւրամեայ ծերունիք, դուք դեռ ողջ էք եւ կապրիք այսօր, վկայեցէք երկիրս դատաւորաց առաջ։
Թուրքաստանի վերանորոգ սահմանադրութեան տօնականին անշուշտ զոհ մի պէտք էր, եւ այն փառաւոր զոհ դու մատուցիր, ժողովուրդ Հայոց. բայց գիտցիր թէ կանխաւ քան զքեզ շատ զոհեր զոհուեցան այլ ել այլ ժողովրդոց եւ պատերազմի դաշտերուն մէջ։
Եթէ այլքն այնպէս դատեն, որ քո զոհն արիւն եւ կեանք կազմող զօրութիւնն էր. ո՜հ, նշտրակով բոլոր մարմնոյդ երակները բացին. թոյլ տուին որ դու այնուհետ եւ տակաւ տակաւ մեռանիս չարաշուք աղքատութեան մէջ, եւ քո երակահատներ շքմեղս լինելով աշխարհի առաջ ձեռքերնին լուանան եւ ասեն. «Քաւեալ եմք մեք յարենէ դորա»։
Ողորմիմ քեզ, ժողովուրդ Հայոց, ողորմիմ. արդեօք լաւագոյն չէ՞ր քեզ, որ միանգամ մեռնէիր եւ կնքուէր քո հանգստեան գերեզման եւ դու երթայիր դադարէիր առ հարս քո, քան թէ այսպէս ի գետին թալկանալով արիւնացամաք մեռնիս։ Ո՜հ,