Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/420

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իւր մրցանակն առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր։

Քո բախտն եւ քո յատկական առաքինութիւն այդպես է, որ դու այդ օրինակ մեռնիս. ուրեմն փառք տուր երկնից ու մխիթարուիր. դու եւս ելիր այն զրկեալ արդարոյն պէս աւերակիդ աղբիւսին վերայ նստիր. ոչինչ տրտունջ կամ բարկութեան բան մի՞ խօսիր երկնից դէմ, ասա, «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի, Տէր ետ եւ Տէր էառ»։ Հանդուրժէ հարուածներուդ, թող այդ եւս քո անցեալ բիւրաւոր զոհերուդ հետ խառնուի։

Գիտեմ, մխիթարութիւն եւ սփոփանք դառնացեալ սրտիդ խոցերն ու վէրքերը չեն բուժեր, զի խիստ անօրինակ եւ դժնդակ դէպք էր որ քեզ դիպեցաւ այս ժամանակին մէջ, զոր քաղաքակրթութեան դար կը կոչեմք, եւ այն յուսալից օրերը, երբ Օսմանեան կայսրութեան նոր թուականն կսկսէր եւ երկրին շինութեան հիմն կը դրուէր, ո՜հ, այն օրերը դու քանդուեցար։

Այո՛, այն օրերը, երբ սահմանադիր օրէնք պարտք եւ իրաւունք կը քարոզէր, հաւասարութիւն կաւետէր, քո զրկանք եւ հարստահարութիւն աւելի եւս ծանրացաւ, երբ այլ եւ այլ կրօնի տարանջատ որդիքներն ձեռք ձեռքի տալով մի ազգութեան դաշնակցութիւն եւ ուխտ կը կնքուէր մայրաքաղաքին մէջ. Վանտոսպ ըմբոստացաւ յանկարծ, խզեց այս նոր դաշնակցութեան կապը, երիցագոյն եղբայր կրտսերին վերայ յառնելով կսպաննէր զայն։

Միթէ նա հին տրտմութի՞ւն ունէր սրտին մէջ, որ մոռցաւ ժամանակին վերահաս տագնապն, չարար պատիւ խորհրդարանին ծերերուն՝ որ կայսերական քաղաքին խորհրդարանին մէջ գիշեր ու ցորեկ երկրին խաղաղութեան համար կը հոգային կը խորհէին հնարից ելք մի գտնել, եւ ազատել երկիրը իւր վերահաս վտանգէն։

Ո՞վ Գուրա՜ն Գուրա՜ն, ես չեմ հաւատար այնպէս, ինչ կը հաւատան ոմանք քո դպիրներէն, թէ դու քեզ հաւատացող որդիքներուն տիրապէս հրաման կուտաս որ Աւետարանի աղքատ որդիքներուն ձեռք էն հացը յափշտակեն, ստրուկ ճանչնան, կեանքէն ղրկեն. եթէ մեռցնեն՝ այդ եւս զոհ եւ արդարութիւն համարին, միով բանիւ միշտ բռնաւորութեան գաւազանով ջախջախեն գիրենք։