շո՛ւրջ ած պալատականաց դռները, տեսցուք թէ աշխարհիս այդ ողորմած թագուհիներ Հայոց այրած տանտիկիններուն համար ի՞նչ դատաստան պիտի տեսնեն։
Ո՛վ ժրագօտի ժամհարներ, թողէ՛ք այդ թոնիրի այրածներ. փութացէ՜ք կողովներ առէք ձեր յուս՝ ելէք հնձանի դաշտ. Հայոց այգեկութն է. ժողովեցէ՛ք այդ կոխոտուած մանրիկ ճիռեր, Հայոց մանուկներու նշխարներ, զորս Լէնկթիմուրի ժանտածին զաւակը սմբակակոխ կոտորեց, ու քամեց Հայկայ զաւակներու արիւնը՝ որպէս քամեն խաղողն ի հնձանին։ Խնամով ժողովեցէք այդ փոքրիկ մարտիրոսներու սուրբ եւ անբիծ նշխարներ, տարէք թաղեցէք իրենց հարց ու մարց հետ. եթէ անողոք սուր զիրենք ծնողական գրկերէն բաժնեց, թող գերեզմանին մէջ ոսկերոտօք գրկախառնին։
Միթէ սերմանահան մշա՞կ էք դուք, որ գոգնոցը կապելով այդ մատաղ ու պարարտ սերմեր կը ցանէք Եփրատայ արգաւանդ դաշտերուն մէջ։
Ցանեցէ՛ք ցանեցէ՜ք այժմիկ եւ յուսով ցանեցէք. թող այդ անմահ հատիկներ մեռնին հողին մէջ. կ՝անցնի ձմեռն, կանցնին խստաշունչ սառնամանիք, կուգայ կենդանարար գարուն, գերեզմանի արտերդ կը կանաչին, եւ դուք կը հաւատաք այն ժամ Յիսուսի խօսքին, թէ «Ամէն ամէն ասեմ ձեզ, եթէ ոչ հատն ցորենոյ անկեալ յերկիր մեռանիցի ինքն միայն կայ. ապա թէ մեռանիցի՝ բազում արդիւնս առնէ»։
Հնձանի դաշտին մօտ՝ այդ վարած արտերու մէջէն զառն մռնչիւնի ձայներ կուգան, կը լսէ՞ք, ժամհարներ. այդ մռնչիւն՝ մորթազերծ անասնոց մռնչիւնն է, որ հերկագործ ակօսներու մէջ ինկած կը տանջուին. վերէն արեւ կը կիզահարէ, ներքուստ գիշակեր անգղեր եո ագռաոներ կտցահարելով թել թել միսեր ոսկորներէն կը քաշեն։ Դանակ մի առէք՝ կտրեցէք նոցա վիգեր, որ երթան հանգչին։
Ո՛վ սոսկալի անգթութիւն. անագորոյն Քրդեր հապճեպով հասան, մաճկաէներ, հոտաղներ սրակոտոր սպանին եւ թրերով կտրատեցին եզնամոլներոոն եւ գոմէշներուն հաստապինդ ջիլերը. խեղճ անասուններ տապլտկեցան ակօսներու մէձ, եւ առանց պարանոցներ կտրելու՝ սկսան շերտ շերտ քամակներէն կաշիներ հանել, այդ անվարտի միաշապիկ բոկոտն վայրենից.