Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երթա՛նք, ահա մօտ այն տեղ արտ կը վարեն. ցոյց տամ քեզ Ադամայ գութան, տես մի հաստ կորաքամակ հացի փայտ է, երեք կանգունէն աւելի երկայնութիւն ունի. եւ սորա անուն էշ կասեն Վանայ գիւղացիք, յիրաւի դանդաղ մի էշ է քաշելու համար. այս էշ փայտին յետսակողմ կցուած առատամն եւ անոր գլուխն անցուցած են երկաթէ խոփը։ Վանայ գութան մի զոյգ ամոլաձրգ գոմէշներով եւ երեք զոյգ եզներով կը հերկեն գետին. որուն բացած ակօսներ հազիւ մի մեծ թզաչափի խորութիւն ունի։ Բայց խօսիմ քեզ, Թոռնիկ, եթէ դու Մշոյ դաշտի, Ալաշկերտի եւ Արարատեան երկրի գութաններ տեսնաս, պիտի սոսկաս, ինն զոյգ կռուան գոմէշներով եւ եզներով հաղիւ կը բանեցնեն այդ կոպիտ գութան, եւ իրեն բացած ակօսը շատ մեծ տարբերութիւն չունի մեր գութանի ակօսէն, դիպի քանի մի տուներ միանալով հազիւ կարող են մի գութան լծել։ Մեր Վանայ գիւղերու գութաններ, եթէ դոցա հետ բաղդատենք շատ աւելի կատարելագործուած են. վասն զի մեր գութանի հիւսներ շատ վարպետ են եւ լարաչափով այնպիսի ուղղութիւն կուտան գութանին, որ երբեմն առանց շեղելու գծի վերայ կը քալէ եւ ակօս կը բանայ։ Բայց թէ Եւրոպիոյ գութանին հետ բաղդատենք, մեր գութան ետ կը մնայ։ Վասն զի մի զոյգ գոմէշ կամ երկու զոյգ եզը, եթէ լծես Եւրոպիոյ գութանին ամենայն դիւրութեամբ գետին կը հերկէ՝ թէ եւ կորդ լինի, այն ինչ մեր գութան պէտք է չորս լծով բանեցնես։ Եւ գիտե՞ս, Թոռնիկ, թէ որչա՞փ տնտեսութիւն է երկրագործութեան աշխատութեան համար, երբ չորս լուծի տեղ կարենամք երկու լծով հերկեր Մանաւանդ գիւղացի այն տուներու համար որչա՞փ ձեռնտու եւ շահաւոր է, որոնք շատ լծկան տաւարներ չունին։

Շատ ուրախ եմ, Թոռնիկ, ես լսեցի եւ գնացի տեսայ Վանայ մէջ մի ճարտար հնարամիտ հիւսն կայ ուսթայ Դաւիթ կասեն, որ ամենայն ճշտութեամբ Եւրոպիոյ գութաններուն նման կը շինէ. նմանապէս մի այլ արուեստաւոր դարբին կայ Ալէքսան անուն, նա եւս գութանի երկաթէ մասերը կը շինէ, բաւական է որ կաղապար ցոյց տաս։ Այժմ Վանայ շրջակայ գիւղացիք սկսած են այդ գութանը գործածեր գինն շատ աժան է, երեք ոսկիով մի գութան կրնայ շինուիլ։ Որչա՜փ գիւրութիւն է գիտե՞ս, Թոռնիկ, գիւղացւոց համար պատրաստի գութան գնել։ Ես գիտեմ խեղճ գիւղացին, թէ՜ գութանի համար, թէ՜ սայ-