լի համար եւ թէ մշակութեան պէտք եղած այլ եւ այլ փայտեր գնելու համար, թողլով իւր դաշտի աշխատութիւն, օրերով կերթայ կը դեգերի Վանայ ծառաստաններում. որպէս զի յարմար փայտեր գտնայ եւ այն որչափ սուղ կը պարտաւորի գնել:
Երանի՜ թէ՝ Վանայ մէջ մի գործարան բացուէր, ճարտար հիւսներէն եւ երկաթագործներէն. մի չափաւոր ընկերութիւն կազմելով՝ երկրագործութեան պէտք եղած ամէն գործիքներ պատրաստէին այդ գործարանում, ոչ միայն գութան՝ այլ եւ փոքր արորներ, թեթեւ սայլեր, որոյ սռնակներ անիւներու մէջ դառնային, կասելու վերաբերեալ բոլոր գործիքներ կամնասայլ, ջարջառ եւ այլն. մանկեռ, տափան, լծներ, եւ այլն։ Էն ժամանակ տեսնաս դու, Թոռնիկ, թէ որչա՛փ դիւրութիւն կը լինի երկրագործ ժողովուրդին համար։ Եւ որչափ պիտի շահի այդ փոքրիկ ընկերութիւն, ոչ միայն Վանայ գիւղացւոց, այլ եւ դրացի գաւառներուն համար եւս՝ կարենայ պատրաստել. վասն զի Վանայ ծովակ մեծ դիւրութիւն կուտայ, մշակութեան գործիքներու փոխադրութեան համար։ Եթէ յաջողի այս ձեռնարկութիւն, հին գործիքներ փոխուին ի նոր. շատ պիտի յառաջանայ երկրին արդիւնաբերութիւն, որ ոչ միայն հպատակ ժողովուրդին, այլ եւ Տէրութեան հասոյթին կրկնապատիկ յաւելումն կը լինի. զի երկրին մշակութեան բարգաւաճանք Տէրութեան գանձարանին հարստութեան աղբիւրն է։
Այսպէս, Թոռնիկ, հին գործիքներ եւ միանգամայն հին ունակացեալ նախապաշարմունք ի բաց թողլով, պէտք է ընդունիմք արուեստին հնարած նորանոր գործիքներ. թէպէտ անգիտակ ժողովուրդին համար բաւական դժուարին է, այլ երբ ժողովուրդ իւր աչքով տեսնայ գործնական օրինակ, աշխատութեան դիւրութիւն եւ միանգամայն շահն ու վաստակ, նա իսկոյն կը քաջալերուի եւ հետամուտ կը լինի փորձել եւ սովորել, միթէ դու այնքան ապուշ եւ տխմա՞ր կը կարծես մեր գիւղացի ժողովուրդ, որ իւր շահը աչքին առաջ տեսնայ ել չաշխատի ձեռք բերել։
Մտի՜կ արա, Թոռնիկ, քեզ մի փոքրիկ պատմութիւն անեմ, համոզուիս թէ մարդիկ՝ ի՛նչ բան որ շահաբեր է, զայն իրարու ձեռքէն յափշտակել կը ջանան։
Կը պատմեն թէ՝ մի ֆրանսացի բաւական քանակութեամբ փաթաթէս, իբր սերմ Ամերիկայէն փոխադրեր է ի Ֆրանսա եւ