Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/444

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ի սպանդանոց, դանակը առաւ եւ միահամուռ մորթեց զձեզ, կացինով ձեր ոսկորներ ջարդեց, դուք անխօս՝ անմռունչ՝ անշարժ մնացիք, որպէս ոչխար՝ իւր կտրւին առաջ։

Անխնայ մորթուեցաք, այլ եւս պիտի մորթուիք. այս աշխարհիս օրէնք, կարգ ու խղճմտանք այսպէս է. մարդիկ՝ որ տէր են եւ կիշխեն անասնոց, ոչխարի նման՝ մարդիկներէն պիտի մորթուին, երբ շունին խեթկիչ եղջիւր, որ ցուլի նման ոգորին իրենց կտրիչներուն դէմ։

Յո՜ւշ, յո՜ւշ, ո՛վ կոտորուած դառներ, ո՞վ Հայոց ողջ ու մնացորդ որդիներ, դեռ պիտի կոտորուիք, դեռ պիտի մորթուիք այդ չքոտի Քիւրտերէն, քանի որ անզէն, անեղջիւր, անասպար կապրիք. դուք մարդ էք, ձեռք եւ բազուկ ունիք, միթէ անզգացած մեռե՞ր է ձեր սրտմտութեան ոգին, միթէ կը հաւատա՞ք որ իշխանութեան աչքը հասնի մինչեւ Հայոց ամայի լեռներ ու դաշտեր եւ ձեզ պահապան լինի։

Ես գիտեմ ու կը տեսնամ զքեզ, որ իբրեւ մի անյարիր անդամալոյծ՝ Պրովպատիկէ աւազանին շուրջն ինկած, անոք, անօգնական մնացեք ես. ո՜հ, հիւանդութեանդ շրջանը չէ թէ երեսուն եւ ութ ամ է, այլ չորեքհ արիւր ամ, անդամներդ ամէն բեկբեկուած, ոտքէդ մինչեւ ի գլուխդ վէրքերով լցուած, մարդ չի հաւատար թէ դու այլ եւս կողջանաս ու կը շրջիս աշխարհիս վերայ. ոգիդ կենդանի է ու կը տրոփայ, շունչ մի ունիս, որ շարունակ կաղաղակես ու կը պաղատիս, Տէր, ես անոք եմ եւ չունիմ ինձ օգնական, որ զիս ազատութեան աւազանին մէջ ձգէ եւ ես բժշկուիմ այս չարախտ եւ չարաշուք ստրկութենէն։

Գոչէ՛, գոչէ՛, ո՜վ անճարակ հիւանդ, քո օգնական՝ Տէրն է. աշխարհիս վերայ քեզ ոչ ոք օգնական չկայ։ Դու Պուլկար չես, որ Օրթոտօքս եկեղեցւոյ Ձարը քեզ զօրավիգ հասնի. Կաթոլիկ չես, որ Հռովմ կամ Ֆրանսան զքեզ պաշտպանէ. Բողոքական չես, որ սուրբերու բարեխօսութիւն թողուս եւ Ովկիանու Թագուհին քեզ բարեխօս բռնես, որ թերեւս գթայ եւ դարման տանի. զի դու Հայաստանն այց Եկեղեցւոյ ազատ զաւակն ես, իբրեւ անծանօթ մոռացեալ երկը ի մէջ կը բնակիս. սորա՞ համար արդեօք մարդոց սրտէն ու մարդասիրութենէն մոռցուած ես դու։

Մատի՛ր, ո՛վ Յիսուս, մատի՛ր, հիւանդ եւ անկեալ Հայուն օգնական չկայ աշխարհիս վերայ, մատի՛ր, ձե՞ռն տուր այդ հինօրեայ անդամալոյծին, բազմապատիկ ցաւոց ու վի-