մի արտ փաթաթէս տնկելով՝ յաջողած է մեծ արդիւնք առնել։ Եւ որովհետեւ իւր նպատակն այն է եղեր, որ այդ օգտակար տունկին մշակութիւն տարածէ Ֆրանսայի մէջ, ուստի իւր մշակած փաթաթէս ձրի բաշխել կուզէ ժողովուրդին, ոչինչ կարեւորութիւն չի տար ժողովուրդ գուցէ կը ծաղրեն եւս։ Դու տե՛ս ի՞նչ կանէ հնարամիտ ագարակատէր, կառավարութենէն ոստիկաններ կուզէ եւ պահապան կը դնէ փաթաթէսի արտին: Բայց գաղտնի հրահանգ կուտայ ոստիկաններուն եթէ մտնան փաթաթէսի արտ եւ գողութիւն անեն, պահապաններ այնպէս ձեւանան՝ որպէս թէ չեն տեսնար, թոյլտուութիւն անեն: Մարդիկ կը տեսնան որ, պահապաններ կան արտին վերայ, ուրեմն կասեն, արտին մէջ լաւ բաներ կան ուտելու։ Կը սկսեն ճարպիկութեամբ գողնալ փաթաթէսներ, առաջ խում խում կուտեն եւ յետոյ կեփեն՝ կը տեսնան, որ, մի պատուական բան է, հաւկիթի պէս համ ունի եւ բաւականին սնունդ կուտայ մարդոյն։ Ահա այս կերպով ոչ միայն ի Ֆրանսա այլ եւ բոլոր յԵւրոպայ կը տարածուի փաթաթէսի մշակութիւն, սովու ժամանակ ժողովուրդին համար մի ազատարար սնունդ է։
Տեսա՞ր Թոռնիկ, ինչ վարպետ եղանակ բանեցուց հաճարեղ ֆրանսացին, իւր գիւտը գողերու ձեռքով բոլոր Ֆրանյայի երկիրր տարածեր, թող Ֆրանսա, այսօր համայն Եւրոպ փաթաթէս ի մշակութեամբ կը պարապեն, ցորենէն յետոյ ամենակարեւոր մի պէտք համարուած է սնունդի համար։
Արշակի ցանկալի կը լինէր, եթէ մեր մշակ ժողովուրդն եւս այս օրինակին հետեւելով սովորէր մշակել այդ շահաւէտ բոյսն, որ միոյն տեղ մինչեւ երեսուն քառասուն կը պտղաբերէ, եւ երբ պատահէր որ բորենի մշակութիւն չի յաջողէր, փաթաթէսի մշակութիւն կը լեցնէր նորա տեղ եւ այլ եւս մարդիկ սովու դառն աղէտէն ազատ կը մնային։
Մշակութեան գործիքներու վերայ խօսելէ յետոյ, գիտե՞ս Թոռնիկ, աւելի կարեւոր կենդանի գործիքներ եւս կան, այն է մեր լծկան աշխատաւոր անասուններ, որ քան զմեզ առաւել կը խոնջին մշակութեան ամենածանր աշխատութեան մէջ։ Բայց գիտնալ պէտք է, թէ մշակութեան համար ո՞րն է աւելի յարմարագոյն, ե՞զ, գոմէ՞շ, թէ ձին։ Մեք սովորաբար եզ եւ գոմէշ կը գործածենք, փորձառութիւն ցոյց կուտայ մեզ, որ հեզաբա-