րոյ եզն աւելի յարմարագոյն է քան գոմէշ, գործածութեան համար մեծ դիւրութիւն կուտայ։
Վասն զի գոմէշ մեծ զբաղմունք եւ դժուարութիւն կը յաւելու մշակին, մանաւանդ գարնան սկիզբն, երբ ի ձմերան ախոռին մէջ գերացած՝ յօրացած դուրս կը հանուին, քանի մի շաբաթ պէտք է, որ այդ ամեհի եւ կատաղի կենդանիներն ընտելացնես եւ ապա կարենաս նոցա սէգ պարանոցը լուծին տակ դնել: Դու տեսե՞ր ես, թէ մշակներ ի՛նչ միջոց ի գործ կը դնեն այդ կռուան գոմէշներ իրարու հետ հաշտեցնելու համար: Այնպիսի յիմար եւ կոպիտ միջոց մտածեր գտեր են, որ դոցա կռուոյ տեսարանին առաջ, մարդ չի կարող դիմանալ երբ փափուկ սիրտ ունի։ Երկու կռուան գոմէշներ դաշտ հանելով թող կուտան, տես դու յայնժամ, թէ քանի՞ ուժգնութեամբ գլուխ գլխու կը դարնուի ահագին ճայթումով, կռուոյ վախճան այն կը երբեմն, որ մին առաջին հարուած կրելով կը տեսնայ իւր տկարութիւն եւ խոյս կուտայ մերթ եւս հաւասար ուժեր երկուստեք յամառելով չեն բաժնուեր, մինչեւ մէկին կամ միւսիս ոտքը կը կոտրի կամ կոտոշն արմատէն կի թռչի։ Մի զարմանալի օրէնք կայ այս կռուաններու միջում, երբ մին յաղթող հանդիսանայ եւ միւսն կը փախչի, այլ եւս հաշտ են իրարու հետ եւ խոնարհելով կերթան ի միասին լուծին ներքեւ։
Չզարմանանք Թոռնիկ, որ անգէտ գիւղացին գոմէշներու հաշտութեան պայմանը այսպէս կը կնքէ. միթէ աշխարհի հաշտութեան օրէնքն եւս այսպէս չէ՞։
Թող այս, գոմէշին գործածութիւն ուրիշ կերպ աշխատութիւն եւ դժուարութիւն եւս ունի, վասն զի գոմէշներ որշափ որ պինդ եւ հաստակաշի են, բայց շատ փափուկ են եւ մեծ դարման կուզեն. ոչ ցուրտի կը դիմանան եւ ոչ տաքի, յամարան օր քանի մանգամ պէտք է լուանաս՝ ի ձմերան եւս գոնէ քանի մանգամ պէտք է լուանաս եւ օծես ձէթով։ Եւ գիտե՞ս, թէ քանի՞ դժուարին է զսպել այնպիսի գոմէշներ, որ չեն ընտելանար միշտ կռիւ կը սիրեն եւ կը վրդովեն միւսներուն խաղաղութիւն։ Մի մշակ պէտք է դորա հետ զբաղի առանձին եւ պահպանէ զայն, գիւղացին միայն հնարք մի ունի, այդ անզուսպ կռուանները գործածելու, եւ անմիջապէս կը հնազանդեն։ Եւ մերթ եւս գիւգացիք մեծ պարծանք կը համարեն իրենց համար, եթէ կռուան գոմէշներ ունենան. վասն զի շինական ժո-